Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Միջինարեւելեան Երկիրներու Խորհրդաժողով - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

15 Şubat 2016  

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Միջինարեւելեան Երկիրներու Խորհրդաժողով -

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Միջինարեւելեան Երկիրներու Խորհրդաժողով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Միջինարեւելեան Երկիրներու Խորհրդաժողով

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սիսի Հարցը Կտոր ՄըՀողամասի Հարց Չէ, Այլ` Քաղաքական Հարց Է»Նախարար Յակոբեան. «100-Ամեակի Գործունէութիւնը
Մեկնակէտ Է Մանաւանդ Յառաջիկայ Մեր Ընելիքներուն»

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին, անցնող շաբաթավերջին Հայոց ցեղասպանութեան միջինարեւելեան երկիրներու ներկայացուցիչներու երկօրեայ խորհրդաժողով մը գումարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, ուր կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ու արձանագրուած իրագործումներու արժեւորումը եւ ներկայացուեցան համապատասխան առաջարկներ:


Երկօրեայ այս խորհրդաժողովին առաջին նիստը գումարուեցաւ շաբաթ, 13 փետրուար 2016-ի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն սկսեալ` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Հայոց ցեղասպանութեան միջինարեւելեան երկիրներու մարմիններու ներկայացուցիչներու, հոգեւոր հայրերու, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հիւր անձնաւորութիւններու: Նախքան նիստին գումարումը, ժողովականներէն խումբ մը այցելեց Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի «Արամ Պեզիկեան» թանգարան:


Բացման խօսքով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի փոխատենապետ Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաները եւ սեղմ տողերով ներկայացուց խորհրդաժողովի առիթն ու նպատակը, ապա խօսքը փոխանցեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, որպէսզի նիստը վարէ: Տէրունական աղօթքէն ետք սրբազան հայրը իր կարգին ողջունեց ներկաները եւ խօսքը փոխանցեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, որ հակիրճ ակնարկով վերյիշեցուց ներկաներուն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումներու համակարգման պետական յանձնաժողովի ցարդ իրագործած քայլերն ու յառաջիկայի տեսլականները:

Նախարար Յակոբեան թուեց իրագործուած քայլերուն հիմնական բնորոշիչները, ինչպէս` Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու սրբադասումը, Վատիկանի պատարագը, Հայաստանը Մարդկային իրաւանց քննարկման կեդրոն նկատելու ՄԱԿ-ի որոշումը, համահայկական միահամուռ կեցուածքն ու մասնակցութիւնը 100-ամեակի ձեռնարկներուն եւ այլն: Ան անհրաժեշտ նկատեց 100-ամեակի առիթով կազմուած մարմիններու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան յարատեւումը` Համահայկական խորհուրդ վերանուանումով: Նախարար Յակոբեան 100-ամեակը մեկնակէտ նկատեց յառաջիկայ գործունէութեան:

Դադարէն ետք խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան, որ իր կարգին սեղմ տողերու մէջ զեկուցեց Լիբանանի մէջ ցարդ իրագործուած ձեռնարկներուն մասին:

Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ գաղութի ցուցաբերած համերաշխ գործակցութեան համար եւ ամփոփ ձեւով թուեց դեսպանատան մասնակցութիւնն ու ներդրումը որդեգրուած քայլերուն:

Ապա Լիբանանեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան զեկուցեց Սիսի կաթողիկոսարանին գծով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Թուրքիոյ դէմ յարուցած դատական հայցին եւ այս գծով առնուած յաջորդական քայլերուն մասին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան զեկուցեց այս առնչութեամբ կաթողիկոսարանի իրագործած քայլերուն մասին:

Ապա յաջորդաբար Յորդանանէն` Մարալ Ներսէսեան, Սուրիայէն` Շահան արք. Սարգիսեան, Կիպրոսէն` երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան եւ Թեհրանէն Ռուբիկ Կարապետեան զեկուցեցին իրենց տարած գործունէութեան մասին:

Այս առիթով եւ նախկին երեսփոխան տոքթ. Եղիկ Ճերէճեանի առաջարկով յատուկ յայտարարութեամբ ներկաները խորհրդաժողովին անունով ողջոյնի խօսք փոխանցեցին սուրիահայ ազգակիցներուն` զօրակցութիւն ցուցաբերելով անոնց քաղաքական եւ ապահովական ներկայ դառն պայմաններուն մէջ (Յայտարարութիւնը կը հրատարակենք վաղուան թիւով):

Դադարին, ժողովականները ներկայ գտնուեցան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը վառելու արարողութեան:

Խորհրդաժողովը շարունակուեցաւ կիրակի, 14 փետրուարին, երբ ժողովականները ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագի արարողութեան, որմէ ետք յատուկ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Նահատակաց մատրան առջեւ: Սարգիս Նաճարեան վարեց երկրորդ օրուան առաջին նիստը: Այս առիթով յաջորդաբար խօսք առին` Սպահանէն` Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան, Թաւրիզէն` Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն` Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան` զեկուցելով իրենց ներկայացուցած երկիրներուն մէջ տարուած եւ իրագործուած քայլերուն մասին:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ինը կէտերու մէջ շեշտեց իրագործուած քայլերն ու տեսլականները` ընդգծելով, որ պէտք է պայքարիլ այնպէս, որ հայութեան խօսքը վերածուի յաղթանակի:

Նաեւ խօսք առին` ՀԲԸՄ-էն` Սիլվա Լիպարիտեան, ՍԴՀԿ-էն` Յակոբ Կերկէրեան, ՌԱԿ-էն` Սեւակ Յակոբեան, վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Եզրափակիչ խօսքերով ելոյթ ունեցան նաեւ Շահան Գանտահարեան եւ նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Աւարտին ժողովականները ուղղուեցան վեհարան, ուր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց ժողովականներուն, նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեանի եւ ժողովականներուն գործունէութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Սիսի կաթողիկոսարանի հայցը «կտոր մը հողամասի հարց չէ, այլ` քաղաքական հարց»:

Նշենք, որ այս առիթով նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով Հայաստանի քաղաքացիութիւն շնորհելով պարգեւատրեց Սեդա Խտըշեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սարգսեանին, նախարար Յակոբեանին եւ բոլոր իր գործընկերներուն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+