12 Şubat 2016
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Մարք Թոնըր պատասխանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական չնկատելուն համար Միացեալ Նահանգներու հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքներուն ըսաւ. «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) ահաբեկչական կազմակերպութիւն է: Սակայն ՔԱԿ-ի եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ ակնյայտ տարբերութիւն կայ: Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան հարցով Թուրքիոյ հետ համակարծիք չենք»:
Թուրքիոյ նախագահը 10 փետրուարին մեղադրած էր Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ոչ ահաբեկչական նկատելու հարցին մէջ` նշելով, թէ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնն ու ՔԱԿ-ը նոյն կառոյցն են: «Միացեալ Նահանգներուն կ՛ըսենք, որ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն է: Իսկ ամերիկացի պաշտօնատարները կը կանգնին ու կ՛ըսեն. «Ոչ, մենք զայն իբրեւ ահաբեկչական կառոյց չենք նկատեր»… Միացեալ Նահանգներ, ձեզի քանի՛ անգամ ըսինք` մեզի հե՞տ էք, թէ՞ ահաբեկչական ՔԱԿ-ի եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան», ըսած էր ան: