Առանց Միջազգային Դաշինքին Հետ Համակարգումի Պիտի Չանցնինք Եփրատ Գետի Արեւմտեան Ափը» Կ՛ըսէ Սալիհ Մուսլիմ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

12 Şubat 2016  

Առանց Միջազգային Դաշինքին Հետ Համակարգումի Պիտի Չանցնինք Եփրատ Գետի Արեւմտեան Ափը» Կ՛ըսէ Սալիհ Մուսլիմ -

Առանց Միջազգային Դաշինքին Հետ Համակարգումի Պիտի Չանցնինք Եփրատ Գետի Արեւմտեան Ափը» Կ՛ըսէ Սալիհ Մուսլիմ Առանց Միջազգային Դաշինքին Հետ Համակարգումի Պիտի Չանցնինք Եփրատ Գետի Արեւմտեան Ափը» Կ՛ըսէ Սալիհ Մուսլիմ

Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալիհ Մուսլիմ «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ քրտական ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ առանց Միջազգային դաշինքի ուժերուն հետ համակարգում կատարելու պիտի չանցնին Եփրատ գետի արեւմտեան ափը:

Ան ընդգծած է, որ իրենց գլխաւոր մտահոգութիւնը Թուրքիոյ մասնակցութիւնն է սուրիական պատերազմին: Մուսլիմի խօսքերով` այժմ Սուրիոյ հիւսիսը տեղի ունեցող բախումները չեն ընդգրկեր քրտական տարածքները, այլ կ՛ընթանան միայն մերձակայ շրջաններու մէջ, իսկ քրտական ուժերը այդ բախումներուն մասնակցութիւն չունին:

Ըստ անոր, այդ բախումներուն կը մասնակցին միայն Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալ թեւը հանդիսացող Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու որոշ արաբ դաշնակիցներ, որոնք նախապէս կռուած են Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ:

«Թրքական ջոկատներու եւ Սուրիոյ մէջ գործող զինեալ խմբաւորումներու միջեւ ապագային դաշնակցութեան հարց կրնայ յառաջանալ, եւ անոնք քրտական տարածքներու դէմ կրնան եւ յարձակում գործել», ըսած է Մուսլիմ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ իրենք երբեք պիտի չարտօնեն, որ քրտական ուժերը անցնին Եփրատ գետի արեւմտեան ափը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+