Էրտողան. «Սուրիոյ Հարցով Մեր Համբերութիւնը Կրնայ Սպառիլ» - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

12 Şubat 2016  

Էրտողան. «Սուրիոյ Հարցով Մեր Համբերութիւնը Կրնայ Սպառիլ» -

Էրտողան. «Սուրիոյ Հարցով Մեր Համբերութիւնը Կրնայ Սպառիլ» Էրտողան. «Սուրիոյ Հարցով Մեր Համբերութիւնը Կրնայ Սպառիլ»

Ռոյթըրզ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարա Սուրիոյ հարցին մէջ համբերատար պիտի ըլլայ մինչեւ որոշ պահ, որմէ ետք թրքական իշխանութիւնները պիտի դիմեն քայլերու:

Ան քննադատած է Եւրոպական Միութիւնը գաղթականներու հարցով եւ սպառնացած օդանաւերով եւ փոխադրակառքերով տեղահանուածները ուղարկել Եւրոպա:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Էրտողան Ռուսիան մեղադրած է Սուրիոյ մէջ մարդիկ սպաննելու համար: Ըստ անոր, Ռուսիան ու Դամասկոսը մեղաւոր են Սուրիոյ մէջ 400 հազար բնակիչներու մահուան համար:

Թրքական «Թէ24»-ը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Էրտողան տեղահանուածներուն առջեւ թրքական սահմանը բանալու կոչ ուղղած ՄԱԿ-ը անուանած է «երկերեսանի»:

Թուրքիոյ երիտասարդ գործարարներու համադաշնութեան նիստի ընթացքին Էրտողան անդրադարձած է ՄԱԿ-ի այն կոչին, որով կազմակերպութիւնը Անգարային յորդորած էր Հալէպէն եկած եւ Քիլիս սահմանային քաղաքին մօտ հաւաքուած սուրիացիներուն առջեւ բանալ թրքական սահմանը:

«Թող ՄԱԿ-ը այդ խորհուրդները իր անդամ միւս երկիրներուն տայ ու տեղահանուածները այդ երկիրներ ուղարկէ: Ճիշդ այդ մասին կ՛արտայայտուինք, կը մտահոգուինք: Մեր ճակատին «յիմար» գրուած չէ: Երկերեսանի էք», ըսած է Էրտողան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+