10 Şubat 2016
Թուրքիոյ խորհրդարանի ծրագրաւորման եւ պիւտճէի յանձնաժողովին մէջ քննարկած են մեծ առեւտրային կեդրոններու քանակը աւելցնելու հարցը:
Քննարկման մասնակցող հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան ելոյթի ժամանակ անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական սահմանի փակ ըլլալուն` նշելով, որ եթէ անիկա բացուի, Հայաստան իր առեւտուրին մեծ մասը Թուրքիոյ հետ կ’ընէ:
Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Sondakika» լրատուական կայքը կը փոխանցէ, որ Փայլան մասնաւորապէս ըսած է. «23 տարիէ Հայաստանի հետ սահմանը փակ է: Հիմնաւորումը Ղարաբաղն է: Եթէ սահմանը բաց ըլլար, Հայաստան իր առեւտրի երեք չորրորդը Թուրքիոյ հետ կ’իրականացնէր: Մարդիկ կու գային-կ՛երթային: Յարաբերութիւնները կը զարգանային: Թերեւս այդպիսով Ղարաբաղի հարցն ալ լուծուէր: Երկու կողմերն ալ կրնային այդ յարաբերութիւնները զարգացնել, եւ խնդիրները կը լուծուէին»: