08 Şubat 2016
Գահիրէի Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ս. Մարկոս կեդրոնին մէջ Յունուար 31-Փետրուար 8 տեղի ունեցած է Կաթոլիկ-արեւելեան Ուղղափառ միջեկեղեցական աստուածաբանական յանձնախումբի հերթական նիստը:
Յունուար 31-ին Ս. Պիշօ վանքին մէջ յանձնախումբի անդամները ընդունած է եւ իր օրհնութիւնները բաշխած Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Թաւադրոս Բ-ը:
Փետրուար 1-5 յանձնախումբը քննարկած է Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու ծիսական աւանդութեան որոշ հարցեր, մասնաւորապէս Մկրտութեան ծիսակարգի ընկալման ու կատարման ծիսական-աստուածաբանական առանձնայատկութիւնը իւրաքանչիւր եկեղեցական ընտանիքի աւանդութեան ծիրէն ներս:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հանդիպման մասնակցած են Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեանը եւ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Արմաշ եպիսկոպոս Նալբանդեանը:
Միջեկեղեցական-աստուածաբանական յանձնախումբի նիստին ընթացքին որոշուած է յաջորդ նիստը գումարել Հռոմի մէջ, 2017 Յունուար 21-28` իբրեւ քննարկման նիւթ ունենալով Սուրբ Պատարագն ու անոր յարակից ծիսական-աստուածաբանական հարցերը: