Էրտողան. «Ուաշինկթըն Պէտք Է Թուրքիոյ Եւ Քրտական Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութեան Միջեւ Ընտրանք Կատար - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

08 Şubat 2016  

Էրտողան. «Ուաշինկթըն Պէտք Է Թուրքիոյ Եւ Քրտական Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութեան Միջեւ Ընտրանք Կատար -

Էրտողան. «Ուաշինկթըն Պէտք Է Թուրքիոյ Եւ Քրտական Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութեան Միջեւ Ընտրանք Կատար Էրտողան. «Ուաշինկթըն Պէտք Է Թուրքիոյ Եւ Քրտական Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութեան Միջեւ Ընտրանք Կատարէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Ուաշինկթըն պէտք է իբրեւ գործընկեր Թուրքիոյ եւ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ ընտրանք կատարէ»:

Էրտողան ամերիկեան վարչակազմին հարց տուաւ. «Ինչպէ՞ս կրնանք ձեզի վստահիլ: Ձեր գործընկերը ե՞ս եմ, թէ՞ Քոպանիի ահաբեկիչները»:

Յիշեցնենք, որ մէկ շաբաթ առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Պրեթ ՄքԿըրք այցելած էր Արաբ Բունար, ուր հանդիպում ունեցած էր քիւրտ ղեկավարներու հետ:

Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա պատրաստ է իր սահմանը բանալու սուրիացի տեղահանուածներուն առջեւ, «եթէ ատիկա անհրաժեշտ է»: Ան նշեց, որ Հալէպ քաղաքի մատակարարման գլխաւոր ճամբուն փակման պատճառով «սպառնալիք մը կը դիմագրաւէ»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց շրջանին եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+