08 Şubat 2016
Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն մեղադրած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն խուսափելու մէջ:
«29 յունուար 2016-ին ռուսական կողմի` Թուրքիոյ օդային սահմանի խախտումէն ետք մեր նախագահը Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան առաջարկ կատարած էր, սակայն ռուսական կողմը տակաւին դրական պատասխան չէ տուած: Ատիկա կամայ-ակամայ կը յառաջացնէ այն հարցումը, թէ Փութին ինչո՛ւ մեր նախագահէն կը խուսափի», ըսած է Քալըն:
Թուրքիոյ նախագահի բանբերը յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններ կատարող ռուսական օդուժի թիրախը ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ն է, այլ պարզ քաղաքացիները: