«Արեւմտեան Հայաստանի Ու Կիլիկիոյ Մեր Բռնագրաւուած Ազգապատկան Ու Եկեղեցապատկան Կալուածներու Ցանկագրումը Ան - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

06 Şubat 2016  

«Արեւմտեան Հայաստանի Ու Կիլիկիոյ Մեր Բռնագրաւուած Ազգապատկան Ու Եկեղեցապատկան Կալուածներու Ցանկագրումը Ան -

«Արեւմտեան Հայաստանի Ու Կիլիկիոյ Մեր Բռնագրաւուած Ազգապատկան Ու Եկեղեցապատկան Կալուածներու Ցանկագրումը Ան «Արեւմտեան Հայաստանի Ու Կիլիկիոյ Մեր Բռնագրաւուած Ազգապատկան Ու Եկեղեցապատկան Կալուածներու Ցանկագրումը Անյետաձգելի Անհրաժեշտութիւն Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Վերջերս հայկական մամուլը արձագանգեց Հայաստանի Ազգային արխիւին կողմէ հրապարակուած լուրի մը, թէ Պայազիտի եկեղեցւոյ առնչուած կալուածագրեր յայտնաբերուած են, եւ թէ` Հայաստանի Ազգային արխիւը հրատարակութեան կը պատրաստէ Արեւմտեան Հայաստանի քանի մը եկեղեցիներու կալուածագրերը: Նկատի ունենալով մեր պահանջատիրութեան ծիրին մէջ կալուածներու հարցին առանցքային կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տարած իրաւական աշխատանքը, ՀԱՍԿ-ը դիմեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ու լուսաբանութիւններ ստանալու համար: Վեհափառ հայրապետին հետ մեր հարցազրոյցը տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի արխիւատան մէջ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վեհափա՛ռ տէր, վերջերս մամուլին մէջ հրապարակուած լուրերուն առնչութեամբ, թէ` Հայաստանի Ազգային արխիւը հրատարակութեան կը պատրաստէ Արեւմտեան Հայաստանի քանի մը եկեղեցիներու կալուածագրերը, ի՞նչ է Ձեր տեսակէտը այս ուղղութեամբ:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ.- Բնականաբար ուրախութեամբ կ’ողջունենք Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներուն առնչուած որեւէ փաստաթուղթի յայտնաբերումը կամ հրատարակութիւնը: Նման յայտնաբերումներ ու հրապարակումներ մեծապէս կը նպաստեն ընդհանրապէս մեր ազգային պահանջատիրութեան ու յատկապէս իրաւական ծիրէն ներս մեր կատարելիք աշխատանքներուն: Սակայն, ինչպէս յաճախ շեշտած ենք, այս հարցերու գծով մեր մօտեցումները պէտք է ըլլան համապարփակ, ուսումնասիրուած ու հետեւողական, հեռու` պատահական մօտեցումներէ, հապճեպ մեկնաբանութիւններէ ու զգացական արտայայտութիւններէ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վեհափա՛ռ տէր, 100-ամեակին առիթով Ձեր պատգամներուն մէջ յաճախ ընդգծած էք ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը, որպէս առաջին հանգրուան մեր բռնաբարուած իրաւունքներու ձեռքբերման: Այս ուղղութեամբ ի՞նչ ունիք ըսելիք:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ.- Ա՛յս է Մեր տեսակէտը, եւ կը խորհինք, թէ ա՛յս է նաեւ տեսակէտը մեր դատին քաղաքա-իրաւական հարցերու մօտէն ծանօթ հայ թէ օտար փորձագէտներու ու մասնագէտներու: Մեր պահանջատիրութիւնը պիտի մնայ ռոմանթիք ու հռետորական մօտեցումներու սահմաններուն մէջ, եթէ ան չունենայ իրաւական քոնքրեթ հիմք: Չմոռնանք, որ մեր դատը ըստ էութեան քաղաքական դատ է. սակայն պէտք չէ անտեսել անոր իրաւական երեսը: Մեր դատը միջազգային օրէնքի սահմաններէն ներս զետեղելու եւ միջազգային օրէնքի տուեալներու լոյսին տակ հետապնդելու համար անհրաժեշտ է իրաւական հիմքերէ մեկնիլ: Հետեւաբար, Մեր համոզումով, որպէս Հայ դատի իրաւական հետապնդումի առաջին եւ քոնքրեթ քայլ, հարկ է սկսիլ մեր կալուածներէն եւ այս ծիրէն ներս առաջնահերթութիւն տալով եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներուն: Թէ՛ Լոզանի համաձայնագիրը, թէ՛ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանի որդեգրած իրաւական սկզբունքներն ու գործունէութեան շրջագիծը եւ թէ՛ ընդհանրապէս միջազգային օրէնքը այս ուղղութեամբ որոշ կարելիութիւններ կ’ընծայեն: Նոյն այս իրողութենէն մեկնելով` Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ մեր Ս. Աթոռը դատ բացաւ` պահանջելով Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձը, որպէս առաջին հանգրուան ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վեհափա՛ռ տէր, արդեօք Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը ունի՞ Կիլիկիոյ իր ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու ամբողջական ցանկը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ.– Այս մասին անհրաժեշտ կը նկատենք հետեւեալ տեղեկութիւններն ու լուսաբանութիւնները փոխանցել պատմական տուեալներու լոյսին տակ. 1912-13 Օսմանեան պետութեան արդարութեան եւ կրօնից Նախարարութեան թելադրութեան ընդառաջելով` Պոլսոյ պատրիարքարանը պատրաստած է Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս գտնուող ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու ցանկը:

Այս մասին Ա. Խ. Սաֆրաստեան յաջորդական յօդուածներ ստորագրած է «Էջմիածին» ամսագրին 1965 եւ 1966 տարիներու յաջորդական թիւերուն մէջ` հետեւեալ խորագրով` «Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարքարանի կողմից Թուրքիայի արդարադատութեան եւ դաւանանքների մինիստրութեան ներկայացուած հայկական եկեղեցիների եւ վանքերի ցուցակներն ու թաքրիրները (1912-1913 Թ.Թ.)»:

Սաֆրաստեան իր յօդուածաշարքին սկիզբը կու տայ հետեւեալ կարեւոր բացատրութիւնը. ահաւասիկ Մեր սեղանին վրայ է բնագիրը եւ կ’ուզենք, որ նոյնութեամբ մէջբերէք. «Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարքարանի կողմից, Հիճրեթի 330-331 թուականին (1912-1913) կազմուած եւ թուրքական կառավարութեան են ներկայացուած Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուած վանքերի եւ եկեղեցիների ցուցակները եւ նրանց հետ համապատասխան թաքրիրները (ծանուցագրեր)` ուղղուած արդարադատութեան եւ դաւանանքների մինիստրութեան: Այդ ցուցակներն ու թաքրիրները պահւում են Երեւանի հանրային գրադարանի թուրքերէն գրքերի շարքում 1-47 համարների տակ: Գրադարանում պահուած թաքրիրներն ու ցուցակները պատրիարքարանի սեւագիր օրինակներն են, ինչպէս նշուած է ցուցակում, իսկ մաքրագրուած օրինակները ներկայացուած են կառավարութեան: Ցուցակներն ու թաքրիրները բլանկի վրայ գրուած են եւ պատրիարքարանի գրասենեակի կողմի հաւաքուած պատրիարքարանի պաշտօնական մեծ թղթածրարում (դժբախտաբար կիսով չափ պատռուած): Ցուցակների եւ թաքրիրների վրայ կան փոփոխութիւններ, որոշ տեղերում նաեւ հայերէն լեզուով ծանօթութիւններ: Պատրիարքարանի թղթածրարի վրայ թուրքերէն լեզուով գրուած է. «Հայկական եկեղեցիների ցուցակը: Կոստանդնուպոլսի եւ այլ վիլայեթների եկեղեցիների ցուցակը: Արդարադատութեան մինիստրութիւն… (պատռուած է)» («Էջմիածին», ԻԲ. տարի, յունուար 1965, էջ 40):

Ապա Սաֆրաստեան կ’աւելցնէ, թէ` «Թաքրիրների բովանդակութիւնից երեւում է, որ Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարքարանը եկեղեցիների եւ վանքերի մասին տեղեկութիւնները ստացել է վիլայեթների եւ քաղաքների հայոց առաջնորդարաններից. հետեւաբար կարելի է ընդունիլ, որ վանքերի եւ եկեղեցիների ցուցակները վաւերական են եւ եկեղեցիների մասին տրուած տեղեկութիւնները, մասնաւորապէս նրանց կառուցման թուականները ունեն պատմական ճշտութիւն… Թաքրիրների բովանդակութիւնից պարզւում է, որ Թուրքիայի սահմաններուն գտնուող բոլոր հայկական (հաւանաբար նաեւ` յունական եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւնների) եկեղեցիները եւ վանքերը պէտք է հաստատուած լինեն, թաքրիրների արտայայտութեամբ` «կապուած լինեն» («մերպութ») յատուկ սուլթանական ֆերմանի: Այդ պատճառով էլ ցուցակում ցոյց տրուած բոլոր եկեղեցիները եւ վանքերը բաժանւում են երկու կարգի` «ֆերմանով հաստատուած» եւ «առանց ֆերմանի» թոյլատրուած եկեղեցիներ եւ վանքեր: Մինչեւ 1912-1913 թուականները հայոց եկեղեցիների կարեւոր մասը (մեր հաշուով շուրջ 70-75 տոկոսը) հաստատուած չեն եղել ֆերմանով: Հաւանաբար, թուրքական կառավարութեան որոշակի պահանջով, հայոց պատրիարքարանը ներկայացնում է բոլոր եկեղեցիների եւ վանքերի լրիւ ցուցակը` միաժամանակ ցոյց տալով նրանց վայրերը, անունները, կառուցման թուականները եւ ֆերմանով հաստատուած լինելը կամ չլինելը, ֆերմանով հաստատուած լինելու դէպքում` նաեւ ֆերմանի տարեթիւն ու ամսաթիւը: Մի շարք եկեղեցիների ու վանքերի մասին ասւում է միայն «կառուցուած է հնուց»»:

Ներածական լուսաբանութիւններէ յետոյ Սաֆրաստեան կը ներկայացնէ եկեղեցիներու եւ վանքերու ցանկը` յարակից տուեալներով: Յիշեալ ցանկին բնագիրը վստահաբար կը գտնուի Թուրքիոյ արխիւներուն մէջ: Անցեալ տարի մեր արխիւատան պատասխանատուին ըսուեցաւ, թէ պատրիարքարանի եւ Հայաստանի Ազգ. արխիւին մէջ նման ցանկ գոյութիւն չունի… Ճի՞շդ է արդեօք: Շարունակելով Մեր խօսքը, կ’ուզենք յայտնել, որ 14 ապրիլ 1921-ին Զաքարիա Պզտիկեան, այդ օրերուն հանրածանօթ փաստաբան, երջանկայիշատակ Սահակ կաթողիկոսի թելադրութեամբ յուշագիր մը յանձնած է Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Բարձրագոյն յանձնակատարին) (Haut Commissariat), ուր մանրամասնութեամբ ներկայացուած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու ցանկը եւ իւրաքանչիւր կալուածի բնոյթն ու տարածութիւնը: Նոյն յուշագրին մէջ նաեւ ներկայացուած են կալուածներու, ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ կրած նիւթական վնասներու, կորսնցուցած նաեւ շարժուն կալուածներու նիւթական մանրամասն արժեւորումը: Իրաւա-քաղաքական իմաստով լուրջ փաստաթուղթ մըն է սա, որուն մայր օրինակը կը գտնուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի արխիւատան մէջ: Այս մասին անդրադարձած է Բիւզանդ Եղիայեան «Ատանայի հայոց պատմութիւն» (Անթիլիաս 1970, էջ 871-891) հատորին մէջ, ինչպէս նաեւ Գէորգ Պաղճեան իր «La Confiscation, par le Gouvernement turc, des biens arméniens… dits abandonnés» գիրքին մէջ, որուն անգլերէն թարգմանութիւնը հրատարակուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին կողմէ, 2010-ին (տես էջ 433-474):

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մեծապէս շնորհակալ ենք Ձեր տուած այս կարեւոր տեղեկութիւններուն համար: Ձեր կատարած մատնանշումները ցոյց կու տան, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի արխիւատան մէջ կը գտնուին նաեւ կալուածներու առնչուած ուրիշ փաստաթուղթեր:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ.– Կաթողիկոսարանի արխիւատան մէջ ոչ միայն քիչ առաջ Մեր յիշած կալուածներուն ցանկը ունինք, այլ նաեւ` մեր կալուածներուն առնչուած այլ փաստաթուղթեր. օրինակ` կալուածագրեր, ապահովագրական ընկերութիւններուն հետ կնքուած համաձայնագրեր, կալուածներու եկամուտները ճշդող ցանկեր, կալուածներու կացութեան մասին տեղեկութիւններ` Սահակ կաթողիկոսի եւ առաջնորդ սրբազաններու միջեւ եղած թղթակցութիւններուն, եւ` Սահակ կաթողիկոսի յուշերուն մէջ: Յիշեալ փաստաթուղթերը դասաւորուեցան վերջին տարիներուն, Մեր անմիջական հսկողութեամբ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վեհափա՛ռ տէր, ինչպէս քիչ առաջ մատնանշեցիք, կալուածագրերը կամ անոնց առնչուած փաստաթուղթերը կենսական են կալուածներու վերադարձի գծով առնուելիք իրաւական քայլերուն համար: Կրնա՞ք Ձեր տեսակէտը պարզել այս ուղղութեամբ:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ.– Կալուածագրերու ու յարակից փաստաթուղթերու մէկտեղումը ու ցանկագրումը կը նկատենք հրամայական: Ճիշդ է, պատմութիւնը յստակօրէն կը վկայէ մեր ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու սեփականութեան մասին: Սակայն իրաւական ու իրաւաբանական գործընթացներու համար անհրաժեշտ է կալուածագրերու գոյութիւնը, որքան ալ պատմութեան վկայութիւնները ըլլան հարուստ: Նման դժուարութեան դիմաց գտնուեցանք երբ կը պատրաստէինք Սիսի կաթողիկոսարանի դատական թղթածրարը: Եւ ճիշդ ասոր համար Մենք յաճախակի առիթներով շեշտած ենք Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու ամբողջական ցանկագրումը կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կ’ուզենք Մեր տեսակէտը պարզել.-

Ա) Վստահաբար, Անթիլիասի արխիւատան առընթեր, մեր կալուածներու գծով փաստաթուղթեր գոյութիւն ունին նաեւ Հայաստանի Ազգային արխիւին, Ս. Էջմիածնի, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի արխիւատուներուն, ինչպէս նաեւ Զմմառի, Վենետիկի ու Վիեննայի արխիւատուներուն եւ Փարիզի Նուպարեան մատենադարանին մէջ: Վստահաբար հայ ընտանիքներէն ոմանք պահած են իրենց սեփականութիւնը եղող կալուածագրերը: Բ) Մասնագէտներու փոքր յանձնախումբ մը, բաղկացած` Հայաստանի պետութեան, Ս. Էջմիածնի, Անթիլիասի, Հայ դատի գրասենեակին ու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէ, շուտով պէտք է լծուի առաջին հերթին ազգապատկան ու եկեղեցապատկան եւ ապա անհատական կալուածներու հաւաքումի, մասնագիտական ցանկագրումի ու ուսումնասիրութեան աշխատանքին: Գ) Կատարուած աշխատանքը յարակից փաստաթուղթերով ու ցանկերով պէտք է թարգմանուի օտար լեզուներու:

Նման նախաձեռնութիւն մը կը պահանջէ լուրջ, հետեւողական ու մասնագիտական աշխատանք: Այս աշխատանքին պէտք է շուտով լծուինք, ո՜ւշ ենք արդէն, եթէ պահանջատիրութեան գծով լուրջ է մեր մօտեցումը: Այլապէս, հոս ու հոն կատարուած կողմնակի աշխատանքներն ու յայտարարութիւնները, որքան ալ գնահատելի ըլլան, կը դառնան պատահական ու ժամանակի վատնում: Կը յուսանք, որ յառաջիկային կազմուելիք Համահայկական խորհուրդը այս եւ համահայկական բնոյթ ունեցող այլ ծրագիրներով ու աշխատանքներով պիտի զբաղի կազմակերպ մօտեցումով եւ, ինչպէս յաճախ կը շեշտենք, Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ դերերու յստակեցումով ու աշխատանքի բաժանումով:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վեհափա՛ռ տէր, իմացած ենք, որ Երուսաղէմի արխիւներուն մէջ Ցեղասպանութեան ու յատկապէս կալուածներու հետ կապ ունեցող կարեւոր վաւերագիրներ գոյութիւն ունին` Պոլսոյ Զաւէն պատրիարքին կողմէ փոխադրուած: Ճի՞շդ է այս տեղեկութիւնը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ.- Բնականաբար այս հարցումին պատասխանը Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը պէտք է տայ: Նման պարագաներուն, անձնական մեկնաբանութիւններէ ու ենթադրութիւններէ հարկ է խուսափիլ ու դիմել յստակ աղբիւրներու: Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած երջանկայիշատակ Զաւէն պատրիարք, «Պատրիարքական յուշերս – վաւերագիրներ եւ վկայութիւններ» (Գահիրէ, 1947), իր գիրքին մէջ կը գրէ. «1938-ին ամառը յատկապէս Երուսաղէմ գացի աչքէ անցնելու համար Տեղեկատու դիւանի թղթածրարները, որոնք ղրկուած էին 1922 նոյեմբերին Մանչեսթըր Պալաքեան Գրիգորիս եպս.-ի ի պահ եւ Թորգոմ պատրիարքի ջանքերով փոխադրուած էին վերջը Երուսաղէմ, ուր կը պահուէին խնամով: Մեծապէս անակնկալի եկայ տեսնելով հոն կատարեալ հաւաքածոյ մը վաւերագիրներու եւ արձանագրութիւններու 1918-1922 բոլոր կարեւոր դէպքերուն» (էջ 303): Իսկ նոյն հատորին հրատարակիչ մարմինը գիրքին «Զեկոյց»-ի բաժնին մէջ կը գրէ. «Բարեբախտաբար իր պատրիարքութեան շրջանի թուղթերը եւ արձանագրութիւնները Կ. Պոլիսէն իր հրամանով Մարսիլիա եւ անկէ Երուսաղէմի վանքը փոխադրուած էին: Ուստի Ն. Ամենապատուութիւնը յանձն առաւ երթալ Երուսաղէմ եւ զանոնք աչքէ անցընել»: Յիշեալ վկայութիւնը ցոյց կու տայ, որ Երուսաղէմի արխիւներուն մէջ կարեւոր վաւերաթուղթեր գոյութիւն ունին, որոնք կը կարօտին պրպտումի եւ ուսումնասիրութեան:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վեհափա՛ռ տէր, վերջին հարցում մը. Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին գծով որեւէ ըսելիք ունի՞ք:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ.– Դատը ապրիլ 27-ին յանձնուած է Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին: Օրին դատարանը մեզմէ որոշ տեղեկութիւններ ուզեց. փոխանցեցինք: Յայտնենք, որ 9 դեկտեմբեր 2015-ին Պոլսոյ մէջ մեր դատին շուրջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսը լայն արձագանգ գտաւ. աւելի քան 70 մամլոյ օրկաններ անդրադարձան այս մասին: Թուրքիոյ մտաւորական շրջանակներէն ներս եւս որոշ հետաքրքրութիւն ստեղծուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի դատին շուրջ: Մեր առնելիք յառաջիկայ քայլերուն մասին շուտով խորհրդակցական հանդիպում մը պիտի ունենանք մեր իրաւագէտներուն հետ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+