Լաւրով. «Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Ռմբակոծումները Պիտի Չդադրին` Մինչեւ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

06 Şubat 2016  

Լաւրով. «Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Ռմբակոծումները Պիտի Չդադրին` Մինչեւ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու -

Լաւրով. «Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Ռմբակոծումները Պիտի Չդադրին` Մինչեւ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Լաւրով. «Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Ռմբակոծումները Պիտի Չդադրին` Մինչեւ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնները պէտք է հրաժարին անձնասիրական փառամոլութիւններէ եւ իրենց մեկնակէտը դարձնեն ժողովուրդին շահը: Ան նաեւ ըսաւ, որ Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնակից ընդդիմադիր սուրիացիները պէտք է հրաժարին զիրենք ֆինանսաւորող արտաքին ուժերուն յենելէ:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդային հարուածները պիտի չդադրին, մինչեւ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի պարտութիւնը: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման իբրեւ հիմնական նախապայման պէտք է դադրեցնել թրքական սահմանէն զէնքի մաքսանենգումը:

«Սուրիոյ մէջ ռմբակոծումը պիտի չդադրեցնենք, մինչեւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն պարտութիւնը», յայտարարեց Լաւրով:

Նախքան այդ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտնած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը կը հրահրէ` ռմբակոծելով ՏԱՀԵՇ-ի թշնամիները: «Ռուսիան իսկապէս յանձնառո՞ւ է խաղաղութեան հոլովոյթին, թէ՞ այդ հոլովոյթը կ՛օգտագործէ ծածկելու համար Ասատին որոշ ձեւի զինուորական յաղթանակ տալը` հիւսիսարեւմտեան Սուրիոյ մէջ ալեւիական փոքրիկ պետութեան մը հաստատման ձեւով», հարց տուած էր ան:

ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա երէկ Ժընեւի մէջ սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ անուղղակի բանակցութիւնները առկախեց եւ բանակցութեան շարունակման թուական ճշդեց 25 փետրուարը:

Սուրիական Բանակը Վերացուց Նըպպոլ
Եւ Զահրաա Աւաններուն Շրջափակումը
«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ սուրիական բանակը երէկ երեկոյեան վերացուցած է Հալէպի հիւսիսային շրջանը գտնուող Նըպպոլ եւ Զահրաա աւաններու` զինեալ խմբաւորումներու կողմէ աւելի քան երեքուկէս տարուան շրջափակումը եւ իր հակակշիռին տակ առած է շրջանը:

Այդպիսով սուրիական բանակը դադրեցուցած է զինեալ խմբաւորումներուն մատակարարումը թրքական սահմանէն դէպի Հալէպի հիւսիսային գիւղերը եւ բացած Ազէզէն Հալէպ ճամբան: Զինեալ խմբաւորումներուն անդամները փախուստ տուած են դէպի թրքական սահման:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+