Սուրիայէն Գաղթականներու Հոսքը Չենք Կրնար Կասեցնել, Եթէ Օդային Հարուածները Չդադրին Կ՛ըսէ Էրտողան - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

06 Şubat 2016  

Սուրիայէն Գաղթականներու Հոսքը Չենք Կրնար Կասեցնել, Եթէ Օդային Հարուածները Չդադրին Կ՛ըսէ Էրտողան -

Սուրիայէն Գաղթականներու Հոսքը Չենք Կրնար Կասեցնել, Եթէ Օդային Հարուածները Չդադրին Կ՛ըսէ Էրտողան Սուրիայէն Գաղթականներու Հոսքը Չենք Կրնար Կասեցնել, Եթէ Օդային Հարուածները Չդադրին Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը չի կրնար Սուրիայէն տեղահանուածներու հոսքը կասեցնել, եթէ ռուսական օդային հարուածները չդադրին եւ այդ երկրին մէջ խաղաղութիւն չհաստատուի:

Էրտողան Էքուատոր իր այցելութեան ընթացքին նշեց. «Մարդիկ այլընտրանք չունին բացի փախուստ տալէ բուռն ռմբակոծումներէն, զորս Սուրիոյ մէջ կը գործադրեն Ռուսիոյ եւ վարչակարգի օդանաւերը», ըսաւ ան` հարց տալով. «Այդ մարդիկը ո՞ւր պիտի երթան… օդային հարուածները անմիջապէս պէտք է դադրին, որպէսզի (Ժընեւի) բանակցութիւնները կարենան արդիւնքի հասնիլ»:

«Աշխարհը, որ օդային հարուածները կասեցնելու անկարող է, մեզմէ կ՛ուզէ, որ տեղահանուածներու հոսքը կասեցնենք», ըսաւ Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը շրջանցած է 1,7 միլիոնը եւ իր երկիրը, քաղաքապետութիւններու եւ թրքական քաղաքացիական հասարակութեան ծախսած գումարներէն անկախ, պետութեան պիւտճէէն 9 միլիառ տոլար ծախսած է:

Ան ընդգծած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ՏԱՀԵՇ-ի, ՔԱԿ-ի, Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու եւ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան դէմ իր պայքարը:

Միւս կողմէ, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարեց. «Ռուսական օդային հարուածները Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման ձգտող ջանքերը կ՛արգելակեն»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+