Արփինէ Յովհաննիսեան Ներկայացուց Փտածութեան Դէմ Պայքարող Խորհուրդի Աշխատանքները - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

06 Şubat 2016  

Արփինէ Յովհաննիսեան Ներկայացուց Փտածութեան Դէմ Պայքարող Խորհուրդի Աշխատանքները -

Արփինէ Յովհաննիսեան Ներկայացուց Փտածութեան Դէմ Պայքարող Խորհուրդի Աշխատանքները Արփինէ Յովհաննիսեան Ներկայացուց Փտածութեան Դէմ Պայքարող Խորհուրդի Աշխատանքները

Հայաստանի կառավարութեան առընթեր գործող փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդը իր գործունէութեան մէկ տարուան ընթացքին քննարկման առարկայ դարձուցած է բաւական լուրջ հարցեր, որոնք օրէնքի նախագիծերու ձեւով պիտի ներկայացուին Ազգային ժողովի քննարկման:

Ազգային ժողովի նիստին այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանը` պատասխանելով այս առնչութեամբ անկախ պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեանի հարցումին:

Ան դիտել տուած է, որ խորհուրդը նոր մշակած է իր գործունէութեան ռազմավարութիւնը, որ նախատեսուած է 2015-2018 տարեշրջաններուն համար: «Այս պահուն մենք բաւականին լուրջ քայլեր իրականացուցած ենք, որոնցմէ մէկուն մասին կ՛ուզեմ մանրամասն խօսիլ: Մասնաւորապէս, լրագրողներու կողմէ յաճախ բարձրացուած է այն հարցը, թէ որոշ պաշտօնեաներ իրենց պաշտօնական յայտարարագիրներուն մէջ կը հրապարակեն կեղծ տուեալներ, կը թաքցնեն որոշ բաներ: Մենք այս հարցը լուծելու համար մշակած եւ կառավարութեան ներկայացուցած ենք օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, որուն միջոցով նման դէպքերու համար սահմանած ենք վարչական պատասխանատուութիւն: Սակայն հիմա մենք կը քննարկենք նաեւ քրէական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու հարցը, որովհետեւ հաւանական է, որ նման դէպքերու պարագային յառաջանայ նաեւ քրէաիրաւական պատասխանատուութեան անհրաժեշտութիւն», նշած է նախարարը:

Յովհաննիսեան դիտել տուած է, որ իրենք ազնիւ են իրենց նպատակներուն մէջ` պատգամաւորներուն կոչ ուղղելով խորհուրդին նկատմամբ հասարակութեան մէջ անվստահութիւն չսերմանելու: Պատգամաւորը իր հարցումին մէջ նշած է, որ խորհուրդը «Եու. Էս. Էյտ»-էն 750 հազար տոլար գումար ստացած է, սակայն որեւէ էական քայլ չէ առած փտածութեան դէմ պայքարելու: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին հետ խօսելով` Արփինէ Յովհաննիսեան ըսած է, որ կառավարութիւնը տակաւին այդ գումարը չէ ստացած: Ըստ անոր, այդ գումարները պիտի տրամադրուին անկախ փորձագէտներու ներգրաւման:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+