03 Şubat 2016
Թուրքիոյ խորհրդարանի (մէճլիս) պատգամաւոր Եուսուֆ Հալաչօղլուն բողոքած է, որ Տիարպեքիրի փողոցներուն ու պողոտաներուն հայկական անուններ կը տրուին, կը գրէ Ermenihaber-ը:
Թրքական «Haberler.com» լրատուակայքի տեղեկութեան համաձայն` «Գորշ գայլեր»-ու քաղաքական թեւը համարուող ընդդիմադիր «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (ԱԶԿ- MHP) ներկայացուցիչ Հալաչօղլուն մասնաւորապէս ըսած է. «Այն բանէն վերջ, երբ Կիւլթէն Քըշանաքը դարձաւ Տիարպեքիրի քաղաքապետ, փողոցներուն ու պողոտաներուն անունները սկսան փոխուիլ: Նոր անունները ոչ թէ քրտական են, այլ՝ հայկական: Ամէն ինչ կը փոխուի: Մենք ըսած ենք, որ այդպէս սխալ է, սակայն մեզ չեն լսեր»:
Նշենք, որ Հալաչօղլուն 1993-2008 թուականներուն եղած է Թրքական պատմագիտական ընկերութեան նախագահ: Ան յայտնի է իր հայատեաց յայտարարութիւններով եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման ուղղուած աշխոյժ գործունէութեամբ: