03 Şubat 2016
Լիբանանեան ”Ալմանար” պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ժապհաթ Նուսրա քանդած է Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Ղնէյմիյէ գիւղին եկեղեցիները։
Պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած տեսագրութեան մէջ կը ներկայացուի Ժագ անունով անհատ մը, որ Ղնէյմիյէ գիւղին Սուրիոյ բանակի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք‚ տարիներու սպասումէն ետք կ’այցելէ իր տունը‚ որ քարուքանդ եղած է։
Գիւղին հայկական եկեղեցին եւ աւետարանական եկեղեցին ենթարկուած են դիտաւորեալ քանդումի։ Քանդուած եւ պղծուած են նաեւ գերեզմանները։ Գիւղի հայ բնակիչներէն մէկը պատկերասփիւռի կայանին կը յայտնէ.”Այս չարիքի արմատը թուրքերն են, իրենք է որ կացութիւնը այս վիճակին հասցուցին, իրենք է որ քանդեցին։ Իսկ զինեալները հարազատ կրկնօրինակն են թուրքերուն‚ որոնք կրօնք չունին‚ ո՛չ երկրի վրայ‚ ո՛չ ալ երկնքի մէջ”։
Զինեալները գիւղին մէջ միայն քանդում ու տեղահանութիւն պատճառած են։ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները գիւղը վերածած են իրենց հրամանատարական կեդրոնին։ Գիւղը‚ որուն տուները քարերէ շինուած են եւ ժայռափոր են‚ զինեալ խմբաւորումներուն շրջանէն վտարուելէն առաջ վերածուած էր թրքական գաղտնի սպասարկութեանց կեդրոնի‚ որ կը գտնուէր իրենց գլխաւոր կեդրոնին՝ Սալմա բնակավայրի թիկունքին։
”Ալմանար”-ի լրագրողը տեսերիզի վերջաւորութեան կը նշէ. ”Հայերուն դէմ թուրքերուն ջարդերը կը կրկնուին 21-րդ դարուն. այդ է կարծիքը համեստ Ղնէյմիյէ գիւղի բնակիչներուն”։