Անգարա Եւ Ռիատ Կ՛աջակցին Սուրիական Ընդդիմութեան Բոլոր Որոշումներուն Կ՛ըսէ Տաւութօղլու - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

03 Şubat 2016  

Անգարա Եւ Ռիատ Կ՛աջակցին Սուրիական Ընդդիմութեան Բոլոր Որոշումներուն Կ՛ըսէ Տաւութօղլու -

Անգարա Եւ Ռիատ Կ՛աջակցին Սուրիական Ընդդիմութեան Բոլոր Որոշումներուն Կ՛ըսէ Տաւութօղլու Անգարա Եւ Ռիատ Կ՛աջակցին Սուրիական Ընդդիմութեան Բոլոր Որոշումներուն Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Անգարա եւ Ռիատ կ՛աջակցին Սուրիոյ ընդդիմութեան որդեգրելիք բոլոր որոշումներուն` աւելցնելով. «Սուրիական վարչակարգը միշտ կը փաստէ, թէ բռնատիրական է եւ իր ժողովուրդը կը սպաննէ ու կը տեղահանէ»:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ. «Մենք միշտ կ՛աջակցինք Սուրիոյ վերաբերեալ Ժընեւի բանակցութիւններուն արդիւնքին, որպէսզի այդ երկիրը յառաջընթաց արձանագրէ եւ ապագային կայունանայ»:

Ան ընդգծեց, որ իր երկիրն ու Սէուտական Արաբիան ահաբեկչութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը կը նկատեն շրջանին մէջ գլխաւոր սպառնալիքները:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ թրքական բանակի հրետանին ռմբակոծած է Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող բնակուած շրջաններէն մէկը:

«Թրքական իշխանութիւնները պատասխանատու են Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող Ժապալ Օտէյրա շրջանի հրետանիով ռմբակոծման համար, որուն հետեւանքով խաղաղ բնակիչներ վնասուած են», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ ռմբակոծումը տեղի ունեցած է կիրակի օր:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով իր կարգին նշեց, որ նախարարութիւնը անհերքելի ապացոյցներ ունի թրքական բանակին կողմէ Սուրիոյ տարածքի ռմբակոծման մասին:

Ըստ անոր, իրենց տրամադրութեան տակ կան նաեւ սուրիական ընդդիմութեան կողմէ նկարահանուած տեսանիւթեր, որոնց մէջ պատկերուած է Սուրիոյ տարածքի` թրքական բանակին կողմէ ռմբակոծման փաստը: «Ահա, ատիկա կը կոչուի փաստ: Ատիկա կը հանդիսանայ անհերքելի ապացոյց այն բանին, որ թրքական զինեալ ուժերը մեծ տրամաչափի հրետանային համակարգերով ռմբակոծումի կ՛ենթարկեն սահմանամերձ սուրիական բնակելի տարածքները», ըսաւ զօրավարը:

Թուրքիա Ռուսիան մեղադրած է 29 յունուարին «Սու-34» ռմբաձիգի մը կողմէ իր օդային սահմանի դարձեալ խախտուելուն մասին, բան մը, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կտրուկ կերպով հերքած է` յայտարարելով, որ ատիկա «Անգարայի կողմէ յստակ ծրագրուած սադրանք է»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+