Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան 2015-ի Աշխատանքներու Ներկայացում - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

03 Şubat 2016  

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան 2015-ի Աշխատանքներու Ներկայացում -

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան 2015-ի Աշխատանքներու Ներկայացում Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան 2015-ի Աշխատանքներու Ներկայացում

2 փետրուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է նախարարութեան 2015-ի աշխատանքներուն` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան զանազան մարզերուն մէջ:

Ըստ անոր, 2015 թուականին արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախագահին ուրուագծած արտաքին քաղաքականութեան ուղենիշներուն եւ անոր կողմէ տրուած յանձնարարականներուն հիման վրայ շարունակած է իր աշխատանքները` երկրի արտաքին անվտանգութեան բաղադրիչի ամրապնդման, պետութեան զարգացման համար արտաքին բարենպաստ պայմաններու եւ երաշխիքներու ապահովման, արտերկրի մէջ Հայաստանի բարեկամներու թիւի բարձրացման, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հոլովոյթներու մէջ ներգրաւուածութեան խորացման, բարեկամ եւ գործընկեր երկիրներու հետ համագործակցութեան զարգացման, միջազգային ասպարէզի մէջ Հայաստանի հեղինակութեան եւ դիրքերու ամրապնդման, հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ դրական օրակարգ ձեւաւորող եւ մեր շահերուն համահունչ նախաձեռնութիւններու իրականացման, արտերկրի մէջ մեր քաղաքացիներու շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր:

Նախարարութեան Աշխատանքները`
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` Նալբանդեան ըսած է, որ 2015-ին հայկական դիւանագիտութիւնը շարունակած է իր ջանքերը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման, անոր վերաբերեալ միջազգային իրազեկուածութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւններու ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութիւններով:

Իրանը Շահագրգռուած` Շուտով Տեսնելու
Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծումը
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին` նախարար Նալբանդեան յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները պէտք է մասնակցին բանակցութիւններուն, համաձայնութիւններու հաստատման ու արցախեան հարցի լուծման հոլովոյթներուն: Ըստ անոր, այս երեւոյթին բազմիցս անդրադարձած են Մինսքի խմբակի եռանախագահները, մասնաւորապէս վերջերս` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը: «Երբ կ՛ըսէք, թէ Ազրպէյճանը կը շարունակէ ապակառուցողական կեցուածքը, արդեօք կարելի՞ է Ղարաբաղը ներգրաւել բանակցութիւններուն մէջ» հարցումը` որո՞ւ հետ: Ղարաբաղը պէտք է բանակցի Ազրպէյճանի հետ, եթէ անիկա շարունակէ ապակառուցողական մօտենալ բանակցային հոլովոյթին, դժուար պիտի ըլլայ բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղել», դիտել տուած է ան:

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան խօսելով ԵԽԽՎ-ի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն մասին յայտարարած է, որ Ազրպէյճան, չկարենալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային սեղանի շուրջ յառաջ մղել իր միակողմանի տեսակէտները, կը փորձէ մխիթարութիւն գտնել այլ ձեւաչափերուն մէջ, ինչպիսին է ԵԽԽՎ-ն:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ի՞նչ է իր կարծիքը Իրանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միջնորդութեան մասին, Էդուարդ Նալբանդեան դիտել տուած է, որ այս հարցին մէջ յառաջընթաց չկայ ոչ թէ այն պատճառով, որ միջնորդները լաւ չեն կամ լաւ առաջարկներ չեն ներկայացներ, այլ այն պատճառով, որ Ազրպէյճան չունի քաղաքական կամք: «Ես վստահ եմ, որ Իրանը շահագրգռուած է շուտով տեսնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը», հաստատեց նախարարը:

Արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ Հայաստան բազմիցս ըսած է ու հիմա ալ կառչած է այն կարծիքին, թէ մենք պատրաստ ենք շարունակելու Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացումը բոլոր հաւանական եւ կարելի ուղղութիւններով:

Նախապայման Դնողը Ցեղասպանութիւն Իրականացուցած
Օսմանեան Կայսրութեան Ժառանգորդ Թուրքիան Է
Անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան այն պնդումին, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման կարելի չէ յարաբերութիւններ ստեղծել Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ, նախարարը ըսած է, թէ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան եւ հռետորաբանութեան մէջ տրամաբանութիւն գտնելը դժուար է: «Որեւէ նոր բան չկայ այս յայտարարութեան մէջ: Տարօրինակը այն է, որ ոչ թէ Հայաստանն է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին վերաբերեալ նախապայման դնողը, այլ Ցեղասպանութիւն իրականացուցած Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիան է: Ասիկա տարօրինակ է», դիտել տուած է նախարարը: Ըստ անոր, նմանատիպ գործելաոճով Թուրքիան չի կրնար համագործակցիլ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ ուրիշ երկիրներու հետ:

Նախարարութեան Մատուցած Ծառայութիւնները
Եւ Ստորագրուած Համաձայնագիրները
Անդրադառնալով հիւպատոսական վարչութեան եւ հիւպատոսական հիմնարկներու աշխատանքներուն` ան նշած է, որ նախորդ տարի ծառայութիւն մատուցուած է շուրջ 137 հազար քաղաքացիի: Նախարարութեան իրաւասութեան ծիրին մէջ շարունակուած է աջակցութեան ցուցաբերումը սուրիահայերուն, լիբանանահայերուն եւ իրաքահայերուն:

Նախարար Նալբանդեան յիշեցուցած է, որ 2015-ին Հայաստանի նախագահը այցելած էր Չինաստան, ուր կնքուած էին տասնեակ մը համաձայնագիրներ, ընդունուած է միացեալ հռչակագիր, Միացեալ Նահանգներու հետ կնքուած էր ներդրումներու խրախուսման եւ առեւտրական շրջանակային համաձայնագիր, Միացեալ Նահանգներ 2015-ին Հայաստանի մէջ կատարած են մեծագոյն ներդրումը, յունուար 2015-էն սկսեալ ուժի մէջ մտած էր Միացեալ Նահանգներու այցեգիրի օրէնքի դիւրացման համաձայնագիրը, Եւրոպական Միութեան հետ սկսած էին բանակցութիւնները` նոր շրջանակային փաստաթուղթի ստորագրման նպատակով:

2015-ին ստորագրուած է 89 միջազգային համաձայնագիր եւ 21 միջազգային համաձայնագիր չհանդիսացող փաստաթուղթ, վաւերացուած է 68 եւ ուժի մէջ մտած է 42 միջկառավարական, միջպետական եւ միջգերատեսչական փաստաթուղթ:

Ան յայտարարած է, որ քանի մը օրէն նախարարութիւնը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ նոր շէնքին մէջ, որ շատ աւելի յարմարաւէտ, աւելի ընդարձակ եւ ներկայանալի է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+