03 Şubat 2016
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Ազրպէյճանին եւ Հունգարիոյ մինչեւ 12 մայիս ժամանակ տուած է պատասխանելու ազրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնելու եւ զայն վաղաժամ ազատ արձակելու գործով դատարանի կողմէ պետութիւններուն ուղղուած հարցումներուն:
ՄԻԵԴ-ի մէջ բողոքարկու` հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի հարազատներու շահերու պաշտպան Նազելի Վարդանեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ բողոքարկուն կը ձգտի ամէն ինչ ընել, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցուի իբրեւ կողմ, որովհետեւ Գուրգէն Մարգարեանը Հայաստանի պետութիւնը ներկայացնող զինուոր էր, երբ դաժանաբար սպաննուեցաւ ազրպէյճանցի ոճրագործ Սաֆարովի կողմէ: «Այն իրողութիւնը, որ դատարանը գործը ընդունած է եւ արդէն սկսած է հաղորդակցութեան փուլը, մեծ յառաջընթաց է: Մենք ատոր երեք տարի սպասած ենք, որովհետեւ հայցը ներկայացուած էր 28 փետրուար 2013-ին», ըսած է Վարդանեան:
ՄԻԵԴ-ի մէջ Գուրգէն Մարգարեանի հարազատներու շահերը կը ներկայացնեն նաեւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական փաստաբանական կեդրոնը, հայկական հասարակական «Լիկըլ Կայտ» կազմակերպութիւնը: Գանգատին մէջ կը պահանջուի ճանչնալ, որ Հունգարիոյ կողմէ մարդասպան Սաֆարովի Ազրպէյճանին փոխանցումը եւ Ազրպէյճանի կողմէ անոր ներումը, ըստ էութեան, արդարացումը եւ հերոսացումը կը խախտեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնութեան 2-րդ յօդուածով (կեանքի իրաւունք) եւ 14-րդ յօդուածով (խտրականութեան արգելք) ամրագրուած հիմնարար իրաւունքները: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը կրնայ պարտաւորեցնել ոճրագործը ետ յանձնել Հունգարիոյ կամ կրել պատիժի մնացած մասը ինքնին Ազրպէյճանի մէջ: Վճիռը կրնայ ենթադրել նաեւ դրամական պատասխանատուութիւն:
Մարգարեանի հարազատները նաեւ կը շեշտեն, որ հայ սպան զոհ դարձած է ազգային ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութեան, որ աւելի ուշ արդարացում ստացած է մարդասպանին ներում շնորհելու եւ զայն ազատ արձակելու միջոցով: Հունգարիան իր կարգին, ինչպէս ընդգծած են գանգատ ներկայացնողները, Սաֆարովը արտայանձնած է Ազրպէյճանին առանց երաշխիքներ ստանալու, որ յանցագործը այդ երկրին մէջ ամբողջութեամբ պիտի կրէ իր դատավճիռով սահմանուած պատիժը: Գանգատ ներկայացուցած է նաեւ Հայկ Մակուչեանը, որուն, ինչպէս յայտնած է դատարանը, Սաֆարովը ուզած է սպաննել Պուտափեշթի մէջ` նոյն միջադէպին ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ Սաֆարով 19 փետրուար 2004-ի գիշերը թաքուն մտած էր Գուրգէն Մարգարեանի սենեակը եւ կացինահարած քնացած հայ սպան: Թուրքիոյ մէջ յատուկ պատրաստութիւն ստացած Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սպայ Ռամիլ Սաֆարով կը մասնակցէր ՕԹԱՆ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրի ծիրին մէջ անգլերէնի դասընթացքներուն, որոնց կը մասնակցէին նաեւ հայ սպաներ Գուրգէն Մարգարեանն ու Հայկ Մակուչեանը: