Իրաքի Վարչապետը Կարեւոր Համարած Է Հայ Համայնքին Դերը Երկրի Զարգացման Մէջ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

30 Ocak 2016  

Իրաքի Վարչապետը Կարեւոր Համարած Է Հայ Համայնքին Դերը Երկրի Զարգացման Մէջ -

Իրաքի Վարչապետը Կարեւոր Համարած Է Հայ Համայնքին Դերը Երկրի Զարգացման Մէջ Իրաքի Վարչապետը Կարեւոր Համարած Է Հայ Համայնքին Դերը Երկրի Զարգացման Մէջ

Եզրափակիչ արձանագրութեան ստորագրութեամբ Յունուար 27-ին Պաղտատի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց հայ-իրաքեան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:

Իրաք այցելութեան ընթացքին հայ-իրաքեան միջկառավարական յանձնաժողովի հայկական կողմի համանախագահ Արմէն Երիցեան Յունուար 27-ին հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Հէյտար Ապատիի հետ: Հանդիպման ընթացքին վերջինիս փոխանցուած են ՀՀ նախագահի եւ վարապետի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ Իրաքի պայքարի վերաբերեալ: Արմէն Երիցեան յայտնած է ՀՀ իշխանութիւններուն պատրաստակամութիւնը Իրաքի հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ ընդլայնելու վերաբերեալ եւ ներկայացուցած է առկայ դրական յառաջընթացի բարձր չափերը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին Իրաքի վարչապետը նշած է, որ քարիւղի գիներու անկման արդիւնքով կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ նոր ոլորտներու մէջ օտարերկրեայ գործընկերներու հետ համագործակցութեան զարգացման` այս առումով կարեւոր տեղ յատկացնելով Հայաստանին: Վարչապետը իր քաջատեղեակութիւնը ցուցադրած է իրաքահայութեան խնդիրներուն վերաբերեալ եւ յատուկ նշած հայ համայնքի դրական դերակատարութիւնը երկրի զարգացման գործին մէջ: Հէյտար Ապատին յայտարարած է, որ Իրաքի կառավարութիւնը ուշադրութիւն կը դարձնէ ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն եւ անոնց արտագաղթը կանխելու նպատակով կը ձգտի ստեղծել նպաստաւոր կենսական պայմաններ:

Հանդիպման աւարտին վարչապետ Ապատին իր ջերմ ողջոյնները փոխանցած է ՀՀ նախագահին լաւագոյն մաղթանքները յղել Հայաստանի ժողովուրդին:

Նոյն օրը Արմէն Երիցեան հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Իրաքի առեւտուրի նախարար Մուհամմետ Շիա ալ-սուտանիի եւ երթեւեկութեան նախարար Պաքիր Ճապր ալ-զուպայիտիի հետ:

Առեւտուրի նախարարը հրաւիրած է հայկական ընկերութիւնները օգտուելու Իրաքի մէջ ստեղծուած հնարաւորութիւններէն, մասնակցելու Պաղտատի միջազգային ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ մասնակցելու նախարարութեան կողմէ յայտարարուող յայտերուն:

Երթեւեկութեան նախարարին հետ քննարկուած են Պաղտատ-Երեւան ուղղիղ չուերթի հետ կապուած հարցերը, ինչպէս նաեւ Իրանի միջոցով ցամաքային բեռնափոխադրումներ իրականացնելու խնդիրները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+