30 Ocak 2016
Արմէնփրես վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Իսմայիլ Ալփեր Ճոշքուն յայտարարած է, որ Թուրքիան շահագրգռուած է ղարաբաղեան տագնապի լուծումով, որովհետեւ Ազրպէյճան այդ մէկը կ՛ուզէ:
Ան յայտարարած է, որ Թուրքիան պատրաստ է որեւէ մարզի մէջ սատարելու Ազրպէյճանին:
«Ազրպէյճան կրնայ ամրապնդել իր պաշտպանութեան մարզը, եւ մենք ատոր մէջ պիտի աջակցինք անոր», նշած է Թուրքիոյ դեսպանը: