30 Ocak 2016
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Առանց զինադադարի հաստատման սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան Ժընեւի մէջ խաղաղութեան բանակցութեանց մասնակցութիւնը դժուար պիտի ըլլայ»:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց. «Միջազգային բոլոր կողմերը վերջերս գիտակցած են, որ նախընտրելին ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է»` նշելով, որ սուրիական ընդդիմադիր բոլոր խմբաւորումները ահաբեկչական չեն, «այլ գոյութիւն ունին կողմեր, որոնք արդար պահանջներ ունին, եւ մենք զանոնք կը յարգենք»:
«Մոսկուա կը պնդէ ապագային քաղաքական լուծումը յաջողցնելու համար ընդդիմութեան լայն ներկայացուցչութեան վրայ», նշեց Զախարովա` աւելցնելով. «Սուրիա պէտք է մնայ միացեալ պետութիւն մը, ուր տարբեր յարանուանութիւններ խաղաղութեամբ կը գոյակցին»:
Ան ընդգծեց. «Մոսկուա կառչած կը մնայ Ժէյշ Իսլամի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու` սուրիական ընդդիմութեան պատուիրակութեան մէջ ներառման առնչութեամբ իր մերժումին»: Զախարովա ըսաւ, որ Ժէյշ Իսլամի եւ Ահրար Շամի նման խմբաւորումներու Սուրիոյ շուրջ Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնակցութիւնը անընդունելի է:
Ան յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրը ճշդելու իրաւունքը կը պատկանի միայն սուրիացի ժողովուրդին»: