26 Ocak 2016
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպած է Հրանդ Տինքի այրիին՝ Ռաքել Տինքի հետ:
Թրքական «Սապահ» թերթի հաղորդած տեղեկութիւններով՝ Պայտըն առանձին հանդիպում մը ունեցած է Ռաքել Տինքի, ինչպէս նաեւ Թիւրքան Էլչիի եւ Տիլեք Տիւնտարի հետ: Թիւրքան Տիգրանակերտի փաստաբաններու ընկերակցութեան սպաննուած նախագահ Թահիր Էլչիի այրին է, իսկ Տիլեք Տիւնտար՝ անցեալ Նոյեմբերին ձերբակալուած խմբագիր Ճան Տիւնտարի կինը:
Տիւնտար ձերբակալուած էր՝ Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական ծառայութեան (ՄԻԹ) գաղտնի մէկ գործողութիւնը բացայայտելուն համար: Արդարեւ, լուսանկարներով հրապարակում մը ցոյց տուած էր, որ Ազգային հետախուզական ծառայութեան բեռնատարներով անօրինական զէնք կը տեղափոխուի դէպի Սուրիա։
Յունուար 23-ին Պայտըն հանդիպած էր նաեւ Թուրքիոյ նախագահին եւ Տաւութօղլուի հետ: