26 Ocak 2016
Սուրիոյ բանակը զինեալներէն ազատագրած է Տարաայի հարաւային նահանգի ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող Շէյխ Մէսքին քաղաքը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Յունուար 25-ին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը։
Տարաա, Գունէյդրա եւ Սուէյտա հարաւային նահանգներ տանող ճանապարհներու խաչմերուկին գտնուող քաղաքի գրաւումը թոյլ պիտի տայ սուրիացի զինուորականներուն` ապահովել Դամասկոսէն իր խմբաւորման անվտանգ մատակարարումը:
Տարաայի գործող ահաբեկիչներու խմբաւորումը բաժնուած է երկու մասի: Ներկայիս մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին Շէյխ Մէսքինի արուարձաններուն մէջ:
Յունուար 24-ին Սուրիոյ կառավարական զօրքերը զինեալներէն ետ խլած էին Ալ Ռապիա ռազմավարական քաղաքը Լաթաքիոյ մէջ, որ սահմանակից է Թուրքիոյ հետ: Այնուհետեւ բանակը հնարաւորութիւն ստացած է յարձակում ծաւալելու Թուրքիոյ սահմանի ուղղութեամբ