26 Ocak 2016
25 յունուարին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան դիմաց` ընդդէմ ԵԽԽՎ-ի մէջ քննարկուելիք «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» եւ «Ազրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակչութիւնը միտումնաւոր զրկուած է ջուրէն» հակահայ զեկուցումներուն:
Հայրենասիրական կարգախօսներով պաստառներ պարզած ցուցարարները պահանջագիր փոխանցեցին դեսպանատան աշխատակազմի ներկայացուցիչին` Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով` հրաժարելու իրենց վարած ազրպէյճանամէտ քաղաքականութենէն եւ որոշումներ տալու` հիմնուելով մարդկային ազատութիւններուն վրայ:
Դաշնակցական երիտասարդները իրենց պահանջագիրով նաեւ կոչ ուղղեցին` քուէարկութեան նախօրէին կասեցնելու այդ անպատուաբեր հոլովոյթը եւ եւրոպական կառոյցներուն վերադարձնելու իրենց յարիր հեղինակութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը: