22 Ocak 2016
Ատրպէյճանական բանտի մէջ գտնուող հետաքննող լրագրող Խատիճա Իսմայլովան ընդունած է հանրայայտ իրաւապաշտպան Ամալ Քլունիի` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ իբրեւ իր պաշտպան հանդէս գալու առաջարկը։ Այս մասին կը հաղորդէ Azatutyun.am-ը:
Իր յայտարարութեան մէջ Խատիճա Իսմայլովան ողջունած է Քլունիի «Համարձակութիւնը»:
Երեքշաբթի փաստաբան Ամալ Քլունին Ամերիկեան NBC հեռուստաընկերութեան եթերով պատրաստակամութիւն յայտնած էր Եւրոպական դատարանին մէջ պաշտպանել «Ազատութիւն» ռատիոկայանի ատրպէյճանական ծառայութեան լրագրող, 7.5 տարուայ ազատազրկման դատապարտուած Խատիճա Իսմայիլովայի իրաւունքները: Ամալ Քլունին յատուկ ընդգծած է այն փաստը, որ Իսմայիլովայի ննջարանին մէջ տեղադրած էին թաքնուած տեսախցիկ, այնուհետեւ հրապարակած լուսանկարներ: «Ան համարձակ կին է եւ հիմա, ցաւօք, ճաղերու ետին է»,- ըսած էր Քլունին:
Ամալ Քլունին «հայուհի» հռչակած Ատրպէյճանի մէջ այս առնչութեամբ կ՝ընթանան բուռն քննարկումներ. ատրպէյճանական հանրութեան մէկ հատուածը կը պնդէ, թէ յայտնի փաստաբանը, որ իբր «յայտնի է իր թրքաֆոպ հայեացքներով», Խատիճայի գործին կը ներգրաւուի հայկական լոպպիի ջանքերով:
Իսմայիլովայի պաշտպան Ֆարիզ Նամազլին յայտարարած է, որ իր պաշտպանեալը համաձայնած է ընդունիլ Քլունիի առաջարկը` անոր խիզախութեան համար, որ իրաւաբանը դրսեւորած էր` պաշտպանելով 2014 թուականին «Ալ Ճազիրա» հեռուստաընկերութեան լրագրող Մուհամմատ Ֆակմին, երբ ան բանտարկուած էր Եգիպոսի մէջ: