22 Ocak 2016
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը հրապարակած է յայտարարութիւն մը 13-19 Յունուար 1990-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերու 26-րդ տարելիցին առիթով` յիշեցնելով, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները զանգուածային կոտորած կազմակերպած ու գործադրած էին հայերուն ազգային պատկանելիութեան համար:
«Շուրջ քառորդ միլիոն հայութիւնը ենթարկուած է բռնութիւններու, կոտորածի ու տեղահանման, որոնց հետեւանքով քաղաքը ամբողջութեամբ հայաթափուած է: Թալանի ու բռնագրաւման ենթարկուած է Պաքուի հազարաւոր հայ բնակիչներու անշարժ ու շարժական գոյքը: Բռնութիւններուն զոհ գացած է աւելի քան 400 հայ, որոնց մասին կը վկայեն միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները: Այդ օրերուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցած բռնութիւնները փետրուար 1988-ին Սումկայիթի մէջ, իսկ այնուհետեւ` Ատրպէյճանի հայաշատ այլ վայրերու մէջ չդատապարտուած ջարդերու շարունակութիւնն էին, որոնք իրականացած են Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան իմացութեան եւ թոյլտուութեան պայմաններուն մէջ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով տարածուած նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ո՛չ միայն կը նենգափոխեն «Սեւ Յունուար»-ի էութիւնը, այլ նաեւ լռութեան ու մոռացութեան կը մատնեն «Երեք ջարդերու մայրաքաղաք»-ի պատմութիւնը` փորձելով կոծկել Պաքուի 1905, 1918 եւ 1990 թուականներու կոտորածներու ու Ատրպէյճանի մէջ ապրող հայութեան նկատմամբ կատարուած ցեղասպանութեան քաղաքականութեան ակնյայտ հետեւանքները:
«Պաքուի հայութեան դէմ իրականացուած սոսկալի կոտորածը մինչեւ այսօր համարժէք գնահատական չէ ստացած: Աւելի՛ն, վերջին 26 տարիներուն օգտուելով անպատժելիութենէն` Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը հետեւողականօրէն կ՛իրականացնէ հայատեացութեան պետական քաղաքականութիւն, որ կ՛ուղեկցի զինադադարի պարբերաբար խախտումներով եւ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքներով: Յարգելով Պաքուի ջարդերուն եւ բռնատեղահանութեան զոհ գացած անմեղ հայերուն յիշատակն ու դատապարտելով այլատեացութեան, ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը կը վերահաստատէ, որ Պաքուի ջարդերը լիովին կը համապատասխանեն ՄԱԿ-ի 1948-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու մասին» ուխտով սահմանուած ցեղասպանութեան յանցագործութեան իրաւական ձեւակերպումին, կը պնդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւնը հետեւողական պիտի ըլլայ, որ ազրպէյճանահայութեան ցեղասպանութիւնը կազմակերպողներն ու իրականացնողները, համաձայն միջազգային ձեւաչափերու, ենթարկուին պատասխանատուութեան, կոչ կ՛ուղղէ քաղաքակիրթ աշխարհին եւ խորհրդարանական կառոյցներուն` դատապարտելու Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերը, անոնց տալու իրաւական գնահատական», նշուած է յայտարարութեան մէջ: