22 Ocak 2016
Ըստ «Գանձասար»-ին «Շամ Թայմզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ սուրիական բանակը ազատագրած է Լաթաքիոյ շրջանի շարք մը գիւղեր, որոնց կարգին` հայաբնակ Ղնեմիէ գիւղը, որուն բնակչութիւնը հեռացած էր գիւղէն 4 տարի է ի վեր` զինեալ խմբաւորումներու ներխուժման պատճառով:
Ղնեմիէն եղած է հայաբնակ գիւղ: Ղնեմիէի մէջ կը գտնուի հայ առաքելական Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ կառուցուած է 1875-ին Ղնեմիէի ժողովուրդին կողմէ: Սակայն տեղացի ծերունիներու վկայութեան համաձայն, 1875-ը նորոգութեան թուական կը նկատուի, մինչ եկեղեցին մօտաւորապէս 300 տարուան հնութիւն եղած է:
1959-ին օրուան առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի նախաձեռնութեամբ ծրագրուած է կիսաքանդ եկեղեցւոյ հիմնական կառուցումը: Պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է 9 օգոստոս 1959-ին, իսկ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը` 31 յուլիս 1960-ին, ձեռամբ Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի: 1997-ին Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին կողմէ վերանորոգուած է գմբէթը:
1991-ին շրջափակին մէջ կառուցուած է Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը:
Տեղին է յիշել, որ նախքան սուրիական պատերազմը Ղնեմիէ գեղատեսիլ գիւղին մէջ սուրիահայ միութիւններ իրենց տարեկան ճամբարներն ու արշաւները կը կազմակերպէին: Իսկ ամէն տարի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի յաջորդող կիրակին ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցի: