22 Ocak 2016
Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Ֆեւզի Շանվերտի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Թուրքիա կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ցամաքային գործողութիւն մը շղթայազերծելու»:
Շանվերտի ըսաւ, որ ՏԱՀԵՇ թրքական ազգային անվտանգութեան դէմ վտանգ կը ներկայացնէ, ոչ թէ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած յարձակումին պատճառով, այլ որովհետեւ ահաբեկչական խմբաւորում մըն է, որ կեդրոնացած է Թուրքիոյ սահմանակից շրջաններուն մէջ: Ան նշած է, որ Թուրքիա յաւելեալ ուժեր ուղարկած է այդտեղ բնակող իր քաղաքացիները պաշտպանելու «եւ անհրաժեշտութեան պարագային հարուածելու համար խմբաւորումը կամ որեւէ ահաբեկչական խմբաւորում, որ կը սպառնայ Թուրքիոյ անվտանգութեան»:
Նշենք, որ Ֆեւզի Շանվերտի Ալեքսանտրեթի նահանգէն ընտրուած է եւ անդամ է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան: