22 Ocak 2016
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն գործունէութիւնը Ժընեւի մէջ սուրիական բանակցութեանց նախօրեակին շօշափելի կերպով աճ արձանագրած է»` նշելով. «Ահաբեկիչները կը փորձեն գետնի վրայ կացութիւնը շրջել ի նպաստ իրենց»:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Ժապհաթ Նուսրա եւ Ահրար Շամ խմբաւորումները Թուրքիայէն աջակցութիւն ստանալէ ետք փորձած են սուրիական ուժերու դիրքերուն դէմ յարձակումներ շղթայազերծել: