22 Ocak 2016
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Զուիցերիոյ մէջ Տաւոսի տնտեսական համախումբի ընթացքին բանակցութիւններու նիստ մը պիտի ունենայ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջդիմութենէն եւ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութեանց տագնապի լուծման մօտալուտ դառնալէն ետք` նշելով, որ եթէ երկու երկիրներուն վարչապետներուն միջեւ հանդիպումը տեղի ունենայ 7 տարիէ ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլայ:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի մէջ դեսպան նշանակած է իր միջինարեւելեան հարցերու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ճան Տիզտարը, որ մօտ օրէն պիտի մեկնի Թել Աւիւ: