Հայերը Եւ Յոյները Պէտք Է Միաւորեն Ջանքերը` Թրքական Ժխտողականութեան Դէմ Պայքարին Մէջ» Կ՛ըսէ Էդուարդ Շարմազան - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

21 Ocak 2016  

Հայերը Եւ Յոյները Պէտք Է Միաւորեն Ջանքերը` Թրքական Ժխտողականութեան Դէմ Պայքարին Մէջ» Կ՛ըսէ Էդուարդ Շարմազան -

Հայերը Եւ Յոյները Պէտք Է Միաւորեն Ջանքերը` Թրքական Ժխտողականութեան Դէմ Պայքարին Մէջ» Կ՛ըսէ Էդուարդ Շարմազան Հայերը Եւ Յոյները Պէտք Է Միաւորեն Ջանքերը` Թրքական Ժխտողականութեան Դէմ Պայքարին Մէջ» Կ՛ըսէ Էդուարդ Շարմազանով

Աշխատանքային այցելութեամբ Յունաստան գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Յունաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էդուարդ Շարմազանով 20 յունուարին հանդիպում ունեցած է Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Նիքոլաոս Վութսիսի հետ:

Է. Շարմազանով կարեւոր նկատած է հայ-յունական բազմադարեան ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները` յոյս յայտնելով, որ միջխորհրդարանական երկկողմանի յարաբերութիւնները ասկէ ետք եւս պիտի շարունակեն զարգանալ:

«Նախորդ դարասկզբին հայերը եւ յոյները, իբրեւ քրիստոնեաներ, ցեղասպանութեան ենթարկուեցան օսմանեան Թուրքիոյ մէջ: Մենք բարձր կը գնահատենք Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փաստը, իսկ հետագային` ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան դէմ օրինագիծի ընդունումը, որուն միջոցով քրէականացուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Պէտք է նշել, որ տակաւին օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցը հայերուն հետ առաջին անգամ արծարծած են Օսմանեան խորհրդարանի յոյն անդամները: Հայերը եւ յոյները պէտք է միաւորեն իրենց ջանքերը թրքական ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ», յայտնած է Էդուարդ Շարմազանով:

Նիքոլաոս Վութսիս գոհունակութիւն յայտնած է այն մասին, որ անցեալ տարուան 24 մարտին Հայաստանի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւնը:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման` Ազգային ժողովի փոխնախագահը ընդգծած է, որ Հայաստան այս հարցին լուծումը կը տեսնէ բացառապէս խաղաղ միջոցներով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով: Ան անընդունելի նկատած է բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան փորձերը:

Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը իր կարգին հաստատած է, որ Յունաստան ամբողջովին կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերուն:

Երկուստեք կարեւոր նկատած են փոխադարձ այցելութիւնները եւ գործնական սերտ կապերու ամրապնդումը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+