19 Ocak 2016
Այսօր «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի դաւադիր սպանութեան 9-րդ տարելիցին տխուր առիթով Պոլսոյ մէջ յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ:
Այդ մասին միացեալ յայտարարութիւն տարածած են Թուրքիոյ հայկական «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւ շարք մը այլ հասարակական կազմակերպութիւններ ու անհատներ:
Ձեռնարկին մասնակիցները նախ երթ պիտի ունենան մինչեւ «Ակօս»-ի խմբագրատուն, որուն դիմաց սպաննուած էր Տինքը, այնուհետեւ «արդարութեան եւ խաղաղութեան» պահակ պիտի կանգնին:
Բացի ատկէ, յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս շեշտուած է նաեւ, որ «Տինքի սպանութիւնը, վստահաբար, Հայոց ցեղասպանութեան հետ չառերեսուելու հետեւանք է»: