Քերրի Ռիատ-Թեհրան Լարուածութեան Հանդարտեցման Համար Հեռաձայնեց Զարիֆի. Սուտան Եւ Պահրէյն Դիւանագիտական Յարա - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

05 Ocak 2016  

Քերրի Ռիատ-Թեհրան Լարուածութեան Հանդարտեցման Համար Հեռաձայնեց Զարիֆի. Սուտան Եւ Պահրէյն Դիւանագիտական Յարա -

Քերրի Ռիատ-Թեհրան Լարուածութեան Հանդարտեցման Համար Հեռաձայնեց Զարիֆի. Սուտան Եւ Պահրէյն Դիւանագիտական Յարա Քերրի Ռիատ-Թեհրան Լարուածութեան Հանդարտեցման Համար Հեռաձայնեց Զարիֆի. Սուտան Եւ Պահրէյն Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Կը Խզեն Իրանի Հետ 0Միջազգային

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ հեռաձայնեց իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եւ անոր հետ քննարկած է Իրան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններուն առնչուող վերջին զարգացումները:

Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու սէուտական որոշումէն ետք, Միացեալ Նահանգներ շրջանի ղեկավարներուն կոչ ուղղեցին` լարուածութիւնը թուլացնելու քայլերու դիմելու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քերրի յայտնեց, որ դիւանագիտական երկխօսութիւնն ու ուղղակի բանակցութիւնները տարակարծութեան լուծման հիմնական միջոցներն են: Ան աւելցուց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ շրջանի ղեկավարները քաջալերել լարուածութեան թուլացման համար դրական քայլերու դիմելու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն դիւանագիտական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ցաւ յայտնեց «իսլամական աշխարհի երկու մեծագոյն, շրջանի եւ համաշխարհային քարիւղի շուկայի ամէնէն ազդեցիկ երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց վատթարացման առնչութեամբ»: Ան ըսաւ, որ Մոսկուա պատրաստ է Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու: Ան նաեւ նշեց, որ Մոսկուա կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ շուրջ Վիեննայի ձեւաչափով բանակցութիւնները շարունակելու` մասնակցութեամբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ ակնարկելով Թեհրանի մէջ սէուտական դեսպանատան ու հիւպատոսարանի հրկիզումներուն շեշտեց. «Կարելի չէ դիւանագիտական առաքելութեանց դէմ յարձակումը ընդունիլ իբրեւ քաղաքական տեսակէտի արտայայտման միջոց»:

Իրան. «Սէուտական Արաբիա Թեհրանի Մէջ Իր Դեսպանատան Դէմ
Յարձակումը Օգտագործեց Իբրեւ Յաւելեալ Լարուածութիւն Յառաջացնելու Պատրուակ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Ժապեր Անսարի Սէուտական Արաբիան ամբաստանեց իրանեան հողամասերուն մէջ ահաբեկչական հոսանքներուն աջակցելու, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ հաւատադրժողականներուն աջակցելու յանցանքով:

Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքը Ռիատին պիտի չարտօնէ շարունակել շրջանին մէջ լարուածութիւն ու տագնապներ յառաջացնելու քաղաքականութիւնը:

Անսարի ըսաւ, որ Թեհրանի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու Ռիատի քայլը իր ներքին հարցերը ծածկելու համար է` վստահեցնելով, որ Իրան յանձնառու է իր հողամասերուն վրայ գտնուող օտար դիւանագիտական առաքելութեանց պաշտպանութեան նկատմամբ:

Ան ըսաւ, որ Սէուտական Արաբիան Թեհրանի մէջ իր դեսպանատան դէմ յարձակումը օգտագործեց իբրեւ շրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութիւն յառաջացնելու պատրուակ` աւելցնելով, որ Ռիատ շրջանին մէջ լարուածութիւնն ու տագնապները կը մղէ մագլցումի:

Նշենք, որ Սուտան երէկ յայտարարեց, որ կը խզէ Իրանի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ երկրէն վտարեց Իրանի դեսպանը: Պահրէյն իր դիւանագէտները տուն կանչեց Իրանէն եւ իրանեան դեսպանատան ամբողջ անձնակազմին 48 ժամուան պայմանաժամ տուաւ թագաւորութենէն հեռանալու: Ապու Տապի իր կարգին յայտարարեց, որ կը նուազեցնէ Իրանի մէջ իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մակարդակը: Ալճերիա Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ կոչ ուղղեց ողջախոհութիւն եւ ինքնազսպում ցուցաբերելու:

Նշենք, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ քաղաքական լարուածութեան պատճառով քարիւղի գինը նուազեցաւ 3 առ հարիւրով:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի խզէ Իրանի հետ բոլոր առեւտրական յարաբերութիւնները եւ պիտի կասեցնէ Իրանի հետ օդային բոլոր թռիչքները:

Պաղտատ. «Բաբելոնի Նահանգին Մէջ Սիւննիական Մզկիթներու Ականահարումը
Յարանուանական Թշնամանք Յառաջացնելու Փորձ Է»

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հարաւային Իրաքի Բաբելոն նահանգին մէջ սիւննիական մզկիթներու ականահարումը Իրաքի յարանուանութեանց միջեւ թշնամանք յառաջացնելու եւ շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն լոյսին տակ յարանուանական լարուածութիւնը հրահրելու յուսահատական փորձ է: Նախարարութիւնը զգուշացուց սադրանքի հրահրումէն եւ իրաքեան լրատուամիջոցներուն կոչ ուղղեց տէր կանգնելու իրենց ազգային, արհեստավարժական եւ բարոյական պատասխանատուութեան ու շրջանառութեան մէջ չդնելու մեկնաբանութիւններ, որոնք կը ծառայեն Իրաքի թշնամիներուն նպատակին:

Նշենք, որ մայրաքաղաք Պաղտատի եւ շիիներով բնակուած իրաքեան քաղաքներու մէջ երէկ տեղի ունեցան շէյխ Նմըր Նմըրի գլխատման դէմ բողոքի ցոյցեր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+