05 Ocak 2016
Թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Մուսթաֆա Էլիթաշ յայտարարած է, որ Թուրքիան կը պատրաստուի Ռուսիոյ դէմ բողոք ներկայացնել Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան` Մոսկուայի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներուն պատճառով, ինչպէս նաեւ նոյնպիսի հայցեր ներկայացնել միջազգային դատարաններուն:
Խօսքը «թրքական առեւտուրը ճնշելու» մասին է, ըսուած է հրապարակման մէջ:
Թուրք նախարարին պնդումով` ռուսական փոքր քաղաքներուն մէջ թրքական ընկերութիւններուն կը հարկադրեն իրենց մասնաբաժինը վերավաճառել տեղւոյն գործընկերներուն:
«Առեւտուրը պէտք է բարոյական սկզբունքներու վրայ հիմնուած ըլլայ: Այդ գործարարները վստահած են ռուսական կառավարութեան եւ ներդրումներ կատարած այդ երկրին մէջ», ըսած է ան:
Ըստ Էլիթաշի, իրենք այժմ փաստեր ու ապացոյցներ կը հաւաքեն` հայցեր ներկայացնելու համար:
Ռուսիան Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատած էր 28 նոյեմբերին` երկրի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրամանով: