04 Ocak 2016
«Ռոյթըրզ»` վկայակոչելով Վատիկանի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ ուժի մէջ մտած է այն համաձայնագիրը, որով Վատիկանը անցեալ տարի իրողապէս ճանչցած էր Պաղեստինի պետութիւնը:
Անցեալ տարուան յունիսին Վատիկանը իր առաջին համաձայնագիրը ստորագրած էր Պաղեստինի հետ: Փաստաթուղթին մէջ Պաղեստինը անուանուած է «պետութիւն»:
Համաձայնագիրով կը նախատեսուի Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ տագնապի լուծման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկել:
ՄԱԿ-ը Պաղեստինին պետութեան կարգավիճակ շնորհած էր 2012-ին: Ի դէպ, թէ՛ Պաղեստինը, թէ՛ ալ Վատիկանը ՄԱԿ-ի մէջ դէտ պետութեան կարգավիճակ ունին: