04 Ocak 2016
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ ռուսական պատերազմական օդանաւը վար առնելու հրաման չէ տուած:
Աղբիւրը կ՛արձանագրէ, որ ժամանակին հետ փոփոխութիւններ կը կրեն Թուրքիոյ ղեկավարութեան յայտարարութիւնները այն մասին, թէ ինչպէ՛ս վար առնուած է ռուսական օդանաւը:
Ան ըսած է, որ ինք ո՛չ վար առած է այդ օդանաւը, ո՛չ ալ «ռուսական օդանաւը վար առնելու յատուկ հրաման տուած է»: Այժմ ան կ՛ըսէ, որ օդային տարածքի խախտման հարցերով որոշումներ տալու լիազօրութիւն տուած է թրքական բանակի սպայակոյտի պետին: Վերջինս ալ նոյն լիազօրութիւնը փոխանցած է Թուրքիոյ օդուժի հրամանատարութեան:
Տաւութօղլուի նոր յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, կը հակասէ նախապէս կատարուած յայտարարութեան, ըստ որուն, Թուրքիոյ բանակին բոլոր հրամանները ինք կու տայ: