04 Ocak 2016
3 յունուար 2016-ին Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագներուն ընթացքին, կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի 2016 թուականը «Ծառայութեան տարի» հռչակող պատգամը: Ամբողջ տարուան ընթացքին հայրապետական այս պատգամը ուղեցոյց պիտի ծառայէ լուսարձակի տակ առնելու ծառայութեան կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին կեանքին մէջ: «Ծառայութեան տարի» հռչակող պատգամը կու տանք յառաջիկային: