03 Ocak 2016
Այսօր՝ 2 Յունուար 2016-ին, Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Արք․ Սարգիսեան Հալէպի Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ հիւրընկալեց 2015-ի ծնեալ 93 երեխաներու ծնողներ, զորս շնորհաւորեց Ամանորի եւ Ս․Ծնունդի զոյգ առիթներով, բարի եւ խաղաղ տարի մաղթեց բոլորին՝ յորդորելով զինուիլ համբերութեամբ ու ամրապնդուիլ հաւատքով։
Ապա Սրբազան Հայրը 2015-ի ծնեալ բոլոր երեխաներուն նուէրներ բաժնեց ու մաղթեց, որ անոնք արժանաւոր զաւակներ ըլլան ու շէնցնեն Հալէպի հայ ընտանիքներուն ջերմ օճախները։
Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը: