03 Ocak 2016
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հետ եւ հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է Եռաբլուր պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Այդ մասին հաղորդած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան հետ կապերու վարչութիւնը: