03 Ocak 2016
«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան թերթի Գամիշլիի թղթակից Յակոբ սրկ. Պարսումեան տեղեկացուցած է, որ Գամիշլիի քրիստոնէաբնակ թաղամասերէն մէկուն մէջ, «Մայամի» ճաշարանին մօտ ռումբերու երկու զօրաւոր պայթումներ ցնցեցին ամբողջ քաղաքը: Արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:
Վիրաւորները անմիջապէս տեղափոխուեցան հիւանդանոց, բանակն ու շտապ օգնութիւնը փութացին օգնութեան: Աւելի ուշ, սուրիական բանակի զինուորները ականազերծեցին երրորդ ականուած պայուսակ մը, որ տեղաւորուած էր նոյն վայրին մէջ: