Քերրի Լաւրովին Մտահոգութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդուժի Հարուածներուն Առնչութեամբ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

03 Ocak 2016  

Քերրի Լաւրովին Մտահոգութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդուժի Հարուածներուն Առնչութեամբ -

Քերրի Լաւրովին Մտահոգութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդուժի Հարուածներուն Առնչութեամբ Քերրի Լաւրովին Մտահոգութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդուժի Հարուածներուն Առնչութեամբ

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ուաշինկթընի մտահոգութիւնը յայտնած է Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժի օդային հարուածներուն առնչութեամբ:

«Լաւրովի հետ խօսակցութեան ընթացքին Քերրի նշած է ռուսական օդային հարուածներու եւ հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներու սպանութեան կապակցութեամբ մեր մտահոգութիւնը», ըսած է Թոնըր` մեկնաբանելով Քերրիի եւ Լաւրովի միջեւ 29 դեկտեմբերին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Ըստ անոր, Ռուսիոյ գործողութիւնները կը խոչընդոտեն Սուրիոյ տագնապին լուծումը` աւելցնելով, որ Ռուսիա քաղաքական գետնի վրայ շինիչ դերակատարութիւն կ՛ունենայ:

Ըստ Թոնըրի, ռուսական օդային հարուածները պատճառ դարձած են, որ 130 հազար մարդ տեղահանուի եւ քաղաքայիններու շարքերուն մէջ արձանագրուին բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ` աւելցնելով, որ այդ յարձակումներուն ընթացքին քանդուած են դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ շուկաներ:

Թոնըր նաեւ յայտնեց, որ Լաւրովի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Քերրի նաեւ խօսած է Ժէյշ Իսլամի ղեկավար Զահրան Ալլուշի սպանութեան մասին:

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին յայտարարեց, որ ռուս օդաչուներուն վարպետութիւնը արգելք կը հանդիսանայ, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններու շարքերուն մէջ արձանագրուին զոհեր: «Մեր առաքելութիւնը թշնամիները ճշգրիտ կերպով հարուածելն է», նշեց ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+