03 Ocak 2016
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի երէկ Թուրքիայէն վերստին պահանջեց իր ուժերը հեռացնել հիւսիսային Իրաքէն` զգուշացնելով, որ Պաղտատ կրնայ զինեալ գործողութեան դիմել, եթէ այդ հեռացումը տեղի չունենայ:
Ժաաֆարի յայտարարեց. «Պաղտատ պիտի շարունակէ խաղաղ միջոցներ կիրարկել, սակայն եթէ այլընտրանքը չմնայ եւ մեզի պարտադրուի կռուիլ, ապա այդ հարցը պիտի սերտենք` մեր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար»:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ տագնապը լուծել խաղաղ ճամբով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն` Իրաքի գերիշխանութեան աջակցելնուն համար:
Իրաքեան դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ «Թուրքիան Իրաքէն իր ուժերը հեռացնելու լուրջ մտադրութիւն չունի»` աւելցնելով. «Մենք Իրաքի մէջ թրքական ուժերու վերադասաւորումը կը նկատենք Անգարայի կողմէ մեր գերիշխանութիւնը ոտնահարած ըլլալու խոստովանութիւն մը»:
«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ կը մերժէ Իրաքի մէջ թրքական միջամտութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեր հողերուն մէջ թրքական միջամտութիւնը Իրաքի գերիշխանութեան անամօթ ոտնահարում մըն է»: