28 Aralık 2015
Սկանտինաւիոյ շրջաններէն Միջերկրական ծով ներթափանցող արկտիկական(հիւսիսային) օդային հոսանքները պատճառ պիտի դառնան հզօր պաղ հոսանքի յառաջացման. անոր ներթափանցումը հանրապետութեան տարածք կը կանխատեսուի Դեկտեմբեր 30-ի ուշ երեկոյեան ժամերէն: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակցին ըսած է ՏԿԱԻՆ «Հիդրոմետ» ծառայութեան օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետի տեղակալ Գագիկ Սուրէնեանը:
Անոր խօսքով, Դեկտեմբեր 30-էն մինչեւ Յունուար 2 ամբողջ Կովկասը պիտի գտնուի այդ հոսանքի ազդեցութեան մէջ, կը սպասուին ձիւնի առատ տեղումներ, բուք, ճանապարհներուն մերկասառոյց, տեսանելիութեան անկում: Դեկտեմբեր 31-էն հանրապետութիւն պիտի ներթափանցեն արկտիկական հոսանքներ, որուն արդիւնքով յատկապէս ցերեկը ջերմաստիճանը պիտի նուազի 8-10 աստիճանով:
Եթէ մինչեւ Դեկտեմբեր 30 Երեւանի մէջ կը կանխատեսուի ցերեկը +5…+7 աստիճան, ապա Դեկտեմբեր 31-ի եւ Յունուար 1-ի ցերեկը ջերմաստիճանը պիտի չբարձրանայ -2 աստիճանը: Յունուար 1-էն ետք Հայաստանի մէջ կը կանխատեսուի օդի ջերմաստիճանի լուրջ նուազում:
Այնպէս որ Նոր Տարին Հայաստան պիտի դիմաւորէ խիստ ձմրան պայմաններուն մէջ: