28 Aralık 2015
Ռուսիա պիտի ընդլայնէ Թուրքիոյ դէմ գործող պատժամիջոցները: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ փոխվարչապետ Արկադի Տուորքովիչը: Ըստ անոր, Մոսկուա նպատակ չունի հրաժարելու Անգարայի հետ համագործակցութենէն, սակայն հարկաւոր է «համարժէք պատասխան տալ անոր թշնամական գործողութիւններուն», կը հաղորդէ Panarmenian.net-ը՝ վկայակոչելով ՌԲԿ-ն:
«Պիտի ըլլան նաեւ այլ գործողութիւններ, որոնց մասին պիտի յայտարարուի, կառավարութեան նախագահը արդէն ազդարարած է անոնց մասին իր նիստերու ընթացքին»,-ըսած է փոխվարչապետը: Ըստ անոր, Ռուսիոյ իշխանութիւնները մտադիր են «հետեւողական ըլլալ այդ հարցով»:
Անգարայի դէմ գործող պատժամիջոցները ընդլայնելու մտադրութեան մասին նախապէ գրած էր «Քոմերսանթ»-ը: Թերթը իմացած էր, որ Մոսկուան մտադիր է պատժամիջոցները տարածելու նաեւ պետպատուերի, շինարարական, զբօսաշրջային եւ հիւրանոցային ծառայութիւններու ներմուծման, ինչպէս նաեւ փայտամշակման եւ Թուրքիոյ մէջ ռուս օդաչուներու ուսուցման վրայ:
Ռուսիոյ արդիւնաբերական առեւտուրի նախարարութիւնը իր հերթին կ՛առաջարկէ արգիլել թրքական արտադրութեան թեթեւ արդիւնաբերութեան ապրանքներու ներմուծման 70–80%-ը:
Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կտրուկ վատթարացան թրքական օդուժին կողմէ ռուսական Սու-24-ի խոցումէն ետք:
Դեկտեմբեր 1-էն Ռուսոիոյ մէջ արգիլուած են չարթերային թռիչքները դէպի Թուրքիա, բացառութեամբ ռուս զբօսաշրջիկները վերադարձնելու համար գործարկուածներէն: 2016-ի Յունուար 1-էն Ռուսիա կը կասեցնէ առանց մուտքի արտօնագիրներու կարգը Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար:
Ռուսիոյ կառավարութիւնը արգիլած է սառած միսի եւ մսամթերքի, թռչնամսի, կաթի եւ կաթնամթերքի, որոնց մէջ կաթնաշոռի եւ պանիրի, ինչպէս նաեւ լակթոզայէ զերծ արտադրանքի, ձկան, ընկոյզի եւ միրգի, բանջարեղէնի, հատապտուղի եւ կանաչիի ներմուծումը Թուրքիայէն: Թուրքիայէն ի թիւս այլ ապրանքներու կ՛արգիլուի Ռուսիա ներմուծել լոլիկ, սոխ, վարունգ, նարինջ-կիտրոն, խաղող, խնձոր, տանձ, ծիրան, դեղձ եւ նեկտարին, սալոր, ելակ, աղ: