28 Aralık 2015
Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ արտօնեց, որ 2016-ին ՕԹԱՆ-ի 5 հազար զինուորներ տեղակայուին Ուքրանիոյ մէջ: Փորոշենքօ վաւերացուց փաստաթուղթ մը, որ կ՛արտօնէ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներէ զինուորներուն մուտք գործել Ուքրանիա:
Ուքրանիոյ նախագահութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած փաստաթուղթին բնագիրին համաձայն, ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներէ քանի մը հազար զինուորներու կ՛արտօնուի յառաջիկայ տարի մասնակցիլ ուքրանական հողամասերուն վրայ կատարուելիք զինուորական մարզումներուն