Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Մեճլիսէն Պահանջած Է Շնորհաւորել Քրիստոնեաներուն Սուրբ Ծնունդը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

26 Aralık 2015  

Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Մեճլիսէն Պահանջած Է Շնորհաւորել Քրիստոնեաներուն Սուրբ Ծնունդը -

Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Մեճլիսէն Պահանջած Է Շնորհաւորել Քրիստոնեաներուն Սուրբ Ծնունդը Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Մեճլիսէն Պահանջած Է Շնորհաւորել Քրիստոնեաներուն Սուրբ Ծնունդը

Թուրքիոյ քրդամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան թրքական մեճլիսի ամբիոնէն պահանջած է կարեւորել ու չմոռնալ հանրապետութեան տարածքին բնակող հնագոյն ժողովուրդներուն` քրիստոնեաներուն տօնը` Սուրբ ծնունդը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ թրքական ensonhaber.com-ը կը փոխանցէ, որ Կարօ Փայլան ըսած է. «Այսօր քրիստոնէական ընտանիքին Սուրբ Ծնունդն է, սակայն մեր մեճլիսը զայն չէ շնորհաւորած: Կար ժամանակ, երբ այս հողերուն վրայ քրիստոնեաները շատ էին, բնակչութեան 40 տոկոսը կը կազմէին: Այսօր մենք հազարէն մէկն ենք: Սակայն այդ ամէնը մեր ցանկութեամբ չեղաւ, մենք չհեռացանք, մեզ պակսեցուցին այս հողերէն:

«Սակայն նոյնիսկ եթէ քիչ ալ ըլլանք, մէկ ալ ըլլանք, մեճլիսը պէտք է կարեւորութիւն տայ Սուրբ Ծնունդին: 1915 թուականէն առաջ այս հողերուն վրայ Սուրբ Ծնունդը կարեւոր տօն կը համարուէր: Այդ օրերուն արձակուրդ կը յայտարարուէր, ինչպէս այժմ իսլամական տօներուն ժամանակ: Այս տեսանկիւնէ անհրաժեշտ է կարեւորել նաեւ անոնց տօնը, որոնք այժմ այս հողերուն վրայ փոքրաթիւ մնացած են»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+