26 Aralık 2015
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի յայտնեց, որ «Իրաք ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջին գիծն է»` նշելով. «Թուրքիա իր ուժերը իրաքեան հողամասերէն հեռացնելու խոստումները դրժեց»:
Ան ըսաւ. «Թրքական զինուորական քայլերը մեզ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճակատումէն կը շեղէ»:
Իրաքի պահանջով թրքական միջամտութիւնը եւ արաբական երկիրներուն մէջ իրանեան միջամտութիւնը քննարկելու համար երէկ գումարուած Արաբական լիկայի նախարարական ժողովին ընթացքին իրաքեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «մենք Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն նկատմամբ նախանձախնդիր եղանք»` միաժամանակ շեշտելով. «Մենք նախանձախնդիր ենք դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն նկատմամբ, պայմանով, որ անիկա մեր գերիշխանութեան վրայ չազդէ»:
«Անգարա ուժերու վերադասաւորման եզրը օգտագործեց` զանոնք հեռացնելու փոխարէն», նշեց Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի իր կարգին դատապարտեց թրքական միջամտութիւնը` զայն նկատելով «արաբական պետութեան մը գերիշխանութեան բացայայտ բռնաբարում մը»: