23 Aralık 2015
Սեւան Նշանեան Դեկտեմբեր 21-ին իր ընկերներուն եւ հարազատներուն հետ, Պոլսոյ «Ճէզայիր» սրահին մէջ նշած է իր 60-րդ տարեդարձը:
Այս առթիւ Նշանեան կարճ խօսք մը արտասանելով ըսած է՝ «Ես ոտքի եմ, այսպէս պիտի մնամ եւ պիտի չիյնամ»։ Նշանեան նաեւ ըսած է , որ բանտարկութիւնը հզօր փորձառութիւն է մարդուս եւ ձաղկած՝ այն բոլորը, որոնք կը պայքարին խօսքի ազատութեան դէմ: Նշենք, որ Նշանեան ներկայիս կիսաբանտային դրութեան տակ է: Ան առաւօտները իր գտնուած գիւղին մէջ շրջագայելու իրաւունք ունի, իսկ իրիկունները պէտք է բանտ վերադառնայ՝ գիշերելու: Ան նշանակուած է բանտի գրադարանի տնօրէն, կրնայ համակարգիչ գործածել, բայց ոչ՝ համացանց: Նշանեան երեք ամիսը անգամ մը մէկ շաբթուան համար տուն երթալու արտօնութիւն կը ստանայ: Այս անգամ ալ զուգադիպած է իր տարեդարձին:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք» առցանց թերթը, որպէս աղբիւր ունենալով պոլսահայ Րաֆֆի-Հերմոն Արաքսը: