Տաւութօղլու. «Սուրիական Հողերը Ռուսական Կայսերապաշտութեան Նպատակներուն Մաս Պիտի Չկազմեն» - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

23 Aralık 2015  

Տաւութօղլու. «Սուրիական Հողերը Ռուսական Կայսերապաշտութեան Նպատակներուն Մաս Պիտի Չկազմեն» -

Տաւութօղլու. «Սուրիական Հողերը Ռուսական Կայսերապաշտութեան Նպատակներուն Մաս Պիտի Չկազմեն» Տաւութօղլու. «Սուրիական Հողերը Ռուսական Կայսերապաշտութեան Նպատակներուն Մաս Պիտի Չկազմեն»

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական խորհրդարանին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական պլոքին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Ռուսիան, որ նախապէս մերժեց իր ներքին հարցերուն միջամտութիւնը, այժմ Սուրիոյ մէջ միջամտութիւն կը կատարէ»:

«Մենք կը դատապարտենք Սուրիոյ մէջ քաղաքայինները թիրախ դարձնող ռուսական յարձակումները», ըսաւ ան` հարց տալով, որ «Ռուսիան ինչո՞ւ Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններն ու չափաւորական ընդդիմութիւնը կը ռմբակոծէ»` նշելով. «Ռուսիա կ՛ըսէ, թէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պայքարի, սակայն Թիւրքմէններու լերան վրայ քաղաքայինները կը ռմբակոծէ, եւ մենք դէմ ենք որեւէ երկրի, որ կու գայ Սուրիան ռմբակոծելու»:

«Ռուսիոյ նպատակն է բնաջնջել չափաւորական ընդդիմութիւնը, որպէսզի Սուրիան յանձնէ ՏԱՀԵՇ-ին ու վարչակարգին», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ վարչապետը շեշտեց. «Սուրիական հողերը ռուսական կայսերապաշտութեան նպատակներուն մաս պիտի չկազմեն»:

Ան նաեւ նշեց. «Ոմանք ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը կ՛օգտագործեն իբրեւ պատրուակ` Սուրիոյ մէջ միջամտելու համար»:

Տաւութօղլու նաեւ յայտարարեց, որ այնքան ատեն որ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը ղեկավարէ Թուրքիոյ հարցերը, «Թուրքիան տագնապներ պիտի չդիմագրաւէ»:

«Թուրքիոյ մէջ որեւէ ճգնաժամ պիտի չարտօնենք», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ յայտնեց. «Ռուսական ռմբաձիգի տագնապին նկատմամբ միշտ ճշմարտութիւնը ըսինք եւ ճիշդ կերպով վարուեցանք»:

Ան կոչ ուղղեց աչքէ անցընելու ռուսական ռմբաձիգին սեւ տուփը եւ ականջ չտալու քաղաքական մեկնաբանութիւններուն:

Միւս կողմէ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հունկ Լի յայտնեց, որ Սուրիոյ վերեւ թռիչք կատարելու ատեն Թուրքիոյ կողմէ յարձակումի ենթարկուած ռուսական ռմբաձիգը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաքելութիւն կը կատարէր:

«Մենք այդ դէպքը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային ջանքերու կորուստ մը կը նկատենք», ըսաւ ան հաղորդագրութեան մը մէջ` նշելով. «Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց, որ ռուսական օդանաւը իր առաքելութիւնը կատարեց սուրիական կողմին պահանջով եւ վար առնուեցաւ Սուրիոյ հողերուն մէջ ահաբեկչական թիրախներ ոչնչացնելու առաքելութեան ընթացքին: Ատիկա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային ջանքերուն համար կորուստ մըն է»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+