23 Aralık 2015
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի խորհրդարանը երէկ որդեգրած է բանաձեւ մը, որ յունական կառավարութեան կը յորդորէ ճանչնալ պաղեստինեան պետութիւնը:
Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Նիքոս Վուցիս յատուկ լիագումար նիստի մը ընթացքին կարդացած է բանաձեւի բնագիրը եւ երեսփոխաններէն խնդրած, որ ոտքի կանգնին անոնք, որոնք կը պաշտպանեն զայն: Ամբողջ դահլիճը ոտքի կանգնած է ու ծափահարած:
Բանաձեւը Յունաստանի կառավարութեան կը յանձնարարէ ճանչնալ պաղեստինեան պետութիւնը 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով:
Երէկ Յունաստանի խորհրդարանին մէջ խօսք արտասանեց նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս: Ան իր խօսքը արտասանեց Ծերակոյտի դահլիճին մէջ: