Լոս Անճելըսի Մէջ. Հայ Եւ Քիւրտ Երիտասարդներու Բողոքի Հաւաքը Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Առջեւ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

23 Aralık 2015  

Լոս Անճելըսի Մէջ. Հայ Եւ Քիւրտ Երիտասարդներու Բողոքի Հաւաքը Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Առջեւ -

Լոս Անճելըսի Մէջ. Հայ Եւ Քիւրտ Երիտասարդներու Բողոքի Հաւաքը Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Առջեւ Լոս Անճելըսի Մէջ. Հայ Եւ Քիւրտ Երիտասարդներու Բողոքի Հաւաքը Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Առջեւ

Շաբաթ, 19 դեկտեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ տասնեակներով հայ եւ քիւրտ երիտասարդներ բողոքի հաւաք մը կատարեցին` դատապարտելով Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց դէմ շարունակուող հալածանքը եւ Անգարայի որդեգրած ծայրայեղական քաղաքականութիւնը:

Քրտական Ռոժաւայի զօրակցութեան մարմինին եւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան միացեալ ջանքերով կազմակերպուած սոյն ցոյցին ընթացքին, դատապարտուեցաւ յատկապէս քիւրտ մարդկային իրաւանց պաշտպան Թահիր Էլչիի վերջերս տեղի ունեցած սպանութիւնը` զայն նմանցնելով «Ակօս»-ի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան:

«Բոլորս Հրա՛նդ ենք», «Բոլորս Էլչի՛ ենք» եւ «Բոլորս հո՛ս ենք» պոռացող ցուցարարները պարզեցին Հրանդ Տինքի, Ապրիլ 24-ին Թուրքիոյ բանակին մէջ սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի, Թահիր Էլչիի եւ Թուրքիոյ իշխանութեանց այլ զոհերու լուսանկարները եւ պահ մը լռութեամբ յարգեցին անոնց յիշատակը:

Անոնք նաեւ լուսարձակի տակ առին Թուրքիոյ մէջ ներդրումները ետ քաշելու նպատակով` ՀԵԴ-ի սկսած #DivestTurkey արշաւն ու այն իրողութիւնը, որ Անգարա կը շարունակէ ահաբեկչական եւ ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն նեցուկ կանգնիլ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+